Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, ընկերակցութեամբ` Բրիտանիոյ սպայակոյտի պետ Նիքըլըս Հակթընի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ երկու բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները: Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ երեսփոխաններ Պահիա Հարիրին, Ուալիտ Սըքքարիէն եւ Քամել Ռիֆային, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` օժանդակելու համար Լիբանանին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան գոյատեւման իսկական պատճառը այն է, որ այլընտրանք գոյութիւն չունի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ ինք կառավարութեան մէջ իր գործունէութիւնը շարունակելու առումով հիմնաւորումներ ունի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու ընդմէջէն Լիբանանին վերադարձնելու իր սահմանադրական կեանքը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ տնտեսական առումով Լիբանան պաշտօնապէս մուտք գործած է վտանգաւոր հանգրուան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ հաստատեց, որ Լիբանանի կացութիւնը ամէն իմաստով ապակայուն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անթուան Սաատ շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ Իրան կը խանգարեն նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ետին պահուըտելով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ ՄԱԿ պէտք է կարեւոր դերակատարութիւն ունենայ երկրին ծովային սահմանները ճշդելու առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը երկրին քաղաքական կեանքին հիմնաքարն է, իսկ անոր բացակայութիւնը կը սպառնայ քաղաքացիական անվտանգութեան:

ԱԶԱՏ Նասըրականներու շարժումի (Մուրապիթուն) ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պիտի ըլլայ լիբանանեան նոր վարչակարգ մը արտադրելու հիմնաքարը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը, որուն հիման վրայ լիբանանեան քաղաքական կողմերը աւելի լաւ կերպով ներկայացուին խորհրդարանին մէջ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուութեան գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ մնայուն գործակցութիւն կայ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը` «Լիբանանեան Տոհա» մը կազմակերպելու իմաստով, դրական կը գնահատուի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Հըզպալլայի միջեւ կայացած ռամատանեան իֆթարը եղած է առիթ մը` քննարկելու երկրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ յայտնեցին, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ իրադարձութիւններուն:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Լիբանան առկախ պիտի չմնայ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Իրանի դէմ որդեգրուելիք մագլցողական քայլերէն: Նոյն օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով Ռիատ ոչ մէկ զիջում պիտի ներկայացնէ:

ԾՈՑԻ երկիրներէն տեղեկութիւններ կը հաստատեն, որ լիբանանեան ներքին կացութիւնը բաւական բարդ է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Ռիատ կը փափաքի, որ Լիբանանի կացութիւնը մնայ կայուն:

 

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Վերաբերեալ Հանրաքուէն Կայացաւ. Վերջնական Արդիւնքը` Այսօր Առաւօտեան

Յաջորդը

Պիքֆայայի Մէջ. «Կը Փափաքինք, Որ Լիբանանեան Քաղաքական Տագնապը Լուծուի Զուտ Լիբանանեան Որոշումով» Շեշտեց Զասիփքին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.