Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք գիշեր ցերեկ աշխատեցան` յաջողցնելու համար պրէօվէի պետական քննութիւններուն կայացումն ու անոնց սրբագրութիւնը:
Ապու Սաապ շեշտեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին պրէօվէի պետական քննութեան յաջողութեան համեմատութիւնը 75,9 առ հարիւր է:
Ապու Սաապ յայտարարեց նաեւ, որ Պզիզայի պետական դպրոցի աշակերտուհի Եարա Թոնի Զըղպի բարձրագոյն նիշը` 19,21 ապահոված է ամբողջ Լիբանանի մէջ` հաստատելով, որ պետական դպրոցներուն նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը պէտք է բարձր պահել:
Այս առիթով նախարար Ապու Սաապ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Զըղպիի հետ եւ զայն շնորհաւորեց:
Նշենք, որ պրէօվէի պետական քննութեան արդիւնքները երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-էն սկսեալ սկսան յայտարարուիլ: