Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի երէկ շեշտեց, որ իրենք համոզուած են, թէ պիտի տապալեն հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը, այնպէս ինչպէս տապալած են թշնամի սիոնական գոյացութիւնը:
Մուսաուի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի եւ հաւատադրժողական բոլոր խմբաւորումներուն մէջ կը տեսնէ Իսրայէլէն աւելի տկար թշնամի մը:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին` Մուսաուի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ պիտի ընտրուի, որովհետեւ ան խորհրդարանին մեծամասնութեան զօրակցութիւնը կը վայելէ:
«Միակ պայմանը այն է, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ձերբազատի սէուտական վարչակարգին բռնութենէն, որպէսզի կարենայ ի նպաստ զօր. Աունի քուէարկել», ըսաւ ան: