Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ այսօր պահանջուածը Լիբանանի ներքին կայունութեան ամրապնդումն է` յուսալով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի օգոստոս ամսուան ընթացքին համաձայն գտնուի զօր. Աունի թեկնածութեան` ազատ արձակելով հանրապետութեան նախագահութիւնը եւ վերջ տալով երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին:
Ուահապ հաստատեց, որ հանրապետութեան եւ կառավարութեան նախագահութեան բանալիները կը գտնուին զօր. Աունի մօտ: