Նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ դարձեալ պահանջած է նախագահական ընտրութիւն կատարել` վերջ տալու համար նախագահական աթոռի թափուր մնալու դրութեան եւ բարելաւելու համար պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը:
Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ նախարարաց խորհուրդին ներկայացուցած է Մաւրիտանիոյ մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին արդիւնքները:
Ժրէյժ նշեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է շարք մը հարցեր եւ տուած համապատասխան որոշումներ:
Այս շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը անսալով առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի կողմէ ներկայացուած` լիբանանցի կարգ մը քաղաքացիներու արտերկրի մէջ բուժման կարիքներուն, որոշեց մասնակի կերպով օժանդակել այդ հիւանդներուն բուժման:
Նշենք, որ Ապու Ֆաուրի ներկայացուցած պարագաներուն մէջ ընդգրկուեցաւ նաեւ լիբանանահայ Ռոզին Մուղալեանի պարագան:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի խնդրանքով, աղբի տագնապի լուծման գործնական հսկողութիւնը, որ ներքին գործոց նախարարութեան վստահուած էր`
կառավարութեան 21 դեկտեմբեր 2015-ին տուած որոշումով, փոխանցուեցաւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի:
«Ապա կառավարութիւնը երկարատեւ քննարկումներ կատարեց հաղորդակցութեան միջոցներու թղթածրարին վերաբերեալ, որոշուեցաւ յաջորդ նիստին շարունակել այդ քննարկումները եւ ըստ այնմ որոշումներ տալ», ըսաւ Ժրէյժ: