Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 27, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 29 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, պատկերասփռուած խօսք մը պիտի արտասանէ Դիմադրութեան պատասխանատուներէն Իսմայէլ Ահմետ Զահրիի նահատակութեան առիթով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Դիմադրութեան պարտականութիւնը լիբանանեան հողերուն ազատագրումն է եւ լիբանանցիներուն պաշտպանութիւնը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց քաղաքապետարաններուն գործակցելու` Լիթանի գետին ապականումին վերջ տալու համար:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ քննարկեց բարգաւաճման կարգ մը հարցեր ու ծրագիրներ, որոնք կը վերաբերին այս կամ այն շրջանին:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաղորդեց, որ Այն Մրայսէի մէջ ձերբակալուած է գողութեամբ եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ ամբաստանուած ամէնէն վտանգաւոր յանցագործներէն մէկը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Իսմայէլ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը քաղաքական սնանկութեան տնօրինումը ստանձնած կառավարութիւն մըն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ պահանջուածը Արսալը պաշտպանելու ծրագիր մըն է:

ՍԱՅՏԱՅԻ «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ շեշտեց, որ իսլամութեան մասին ոչ ոք պէտք է արտայայտուի, եթէ ան Իսրայէլի հետ տագնապին կամ իսլամութեան միասնականութեան իմաստէն տեղեակ չէ:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է արաբական օժանդակութիւն խնդրել, երբ Լիբանանը ցնցումներ կ՛ապրի եւ նախագահական թափուր աթոռին հարցը չի կրնար լուծել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա բնաւ չէ հետաքրքրուած Լիբանանի տագնապով` աւելցնելով, որ Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռին հարցը կը լուծուի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին գաղթականները Սուրիոյ ապահով վայրերուն մէջ բնակեցնելու իր առաջարկը քննարկելու Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ առանց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, Լիբանան չէր կրնար այսքան երկար գոյատեւել եւ աշխարհին դիմադրել:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի երէկ այցելեց Սուր, ուր ստուգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն արեւմտեան հրամանատարութեան կեդրոններն ու դիրքերը: Ան բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ներկայ իշխանութիւններուն հետ անոր գործակցութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր վստահութիւնը կորսնցուցած է Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարներուն մեծ մասին նկատմամբ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հաւատադրժողական խմբաւորումներ Այն Հելուէի մէջ ահաբեկչական բջիջներ կը կազմեն: Նոյն օրաթերթը գրած է, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղած է մարոնի ղեկավարներուն` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով համաձայնութիւն մը գոյացնելու:

Նախորդը

Հիւսիսային Ֆրանսայի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակում` Եկեղեցւոյ Մը Դէմ

Յաջորդը

«Կը Զօրակցինք Պահրէյնցիներուն Ընտրանքին» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.