Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը կ՛ենթադրէ, որ պարկեշտ անձնաւորութիւններ իշխանութեան եւ պետութեան մէջ պատասխանատուութիւններ ստանձնեն:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը կամ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարելիութիւն ըլլար, ապա շատոնց այդ ընտրութիւնը կատարուած կ՛ըլլար:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ ամբաստանեց ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ երեք հարիւրապետեր եւ չորս ենթասպաներ` ապօրինի համացանցի պատասխանատուներ տուգանքի չենթարկելու համար:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա կը փորձէ շրջանին առանցքը գծել` Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները երաշխաւորելու մտադրութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը «Օժերօ» ընկերութեան նախագահ Ապտել Մենեմ Եուսեֆի սխալները չի ծածկեր` աւելցնելով, որ եթէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացնելիք փաթեթային լուծումը հակասահմանադրական ըլլայ, ապա իրենք պիտի մերժեն զայն ընդունիլ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի նշեց, որ զբօսաշրջութեան բարգաւաճման կարեւորագոյն ազդակը երկրին ապահովական կայունութիւնն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա նախագահական ընտրութիւններու մասին չի խօսիր, այլ` իր թեկնածուն նշանակելու մասին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական  պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ բոլորը իրենց գրաւը դրած են յառաջիկայ օգոստոսի սկիզբը տեղի ունենալիք երկխօսութեան եռօրեայ նիստերուն վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ իրեն համար յստակ է, թէ ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին ընտրական օրէնքի քննարկում պիտի կատարուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն ոեւէ զինուորականի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, ներառեալ` բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔԱՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք անձնական հանգամանքով կը պատասխանէ իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ ոչ թէ իբրեւ Մուսթաքպալի երեսփոխան: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա Լիբանանը առեւանգած է, իսկ նախագահական ընտրութիւնը պէտք չէ սահմանափակել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեամբ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգելու իմաստով տակաւին պէտք եղած լրջութիւնը գոյութիւն չունի:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ այս երկրին մէջ ոչինչ պիտի փոխուի, եթէ իշխող քաղաքական վարչակարգը փոփոխութեան չենթարկուի:

ԿԱՐԳ մը տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հրամանատարութեան ժամկէտի երկարաձգումը պատճառ կրնայ դառնալ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները կառավարութենէն հրաժարին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի սեփականատէր Թահսին Խայեաթի միջեւ տարակարծութեան հիմնական պատճառը լիպիացի պատասխանատուի մը Լիբանան այցելութեան արգիլումն է:

 

Նախորդը

Հալէպի Մէջ Երեք Անցքեր Կը Տրամադրուին Քաղաքայիններուն, Իսկ Չորրորդ Մը` Անձնատուր Ըլլալ Փափաքող Զինեալներուն

Յաջորդը

Խալիլ. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Օժանդակէ Մեզի` Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարին Հարցով»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.