Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 28, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Պեքաայի շրջակայքին մէջ կատարեց ռազմափորձեր:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի հետ` դատապարտելու համար Ռուենի մէջ արձանագրուած ահաբեկչութիւնը եւ ցաւակցութիւն յայտնելու Ֆրանսայի եւ անոր ժողովուրդին: Սինիորա շեշտեց, որ ահաբեկչական այդ արարքը իսլամութեան դէմ յարձակում էր, ինչպէս նաեւ իսլամութեան պատկերի աղաւաղում:

ԱՄԱԼ շարժումը դատապարտեց Ֆրանսայի մէջ քահանայի մը դէմ գործուած ահաբեկչական արարքը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց ֆրանսացի ժողովուրդին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Պեթքօ Տիմիթրովի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Այն Հելուէի մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ երկրին կացութիւնը կարելի է ամրապնդել` զայն բոլոր արտաքին հետեւանքներէն հեռու պահելով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն հարցով Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցութիւններուն հաւանականութիւնը կրնայ սրել լիբանանեան քաղաքական երկփեղկումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ ան միակն է, որուն թեկնածութեան շուրջ ազգային համախոհութիւն կայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան պարտադիր անցքն է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քազեմ Խէյր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեքի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Մընիէի մէջ ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու ծրագիր մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ խստիւ դատապարտեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կողմէ երկխօսութեան եռօրեայ նիստին դէմ արտայայտուած կեցուածքները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ եթէ նախագահական ընտրութեան կամ երեսփոխանական ընտրութեանց օրէնքին մասին համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա երկխօսութեան եռօրեայ նիստը կրնայ անյաջող դուրս գալ:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ խստիւ դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ կատարուած անարգ ոճիրներն ու ահաբեկչութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը դարձած է շրջանային զարգացումներուն պատանդը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան` հաստատելով, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել` նախքան նախագահական ընտրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-Ի Բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփէ Լազարինի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան սպառումին համար վճարուած գումարին բարձր համեմատութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանեան ճարտարարուեստի կարողութեան վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհը թիրախ դարձնող ահաբեկչութիւնը զիրենք կը դնէ իրենց գոյութիւնը պահպանելու պատմական պատասխանատուութեան դիմաց:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ իրենք երկխօսութեան պիտի մասնակցին դրական կեցուածքներով եւ սահմանադրութեան ծիրին մէջ գտնուող առաջարկներով:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Արքուպի եւ Հասպայայի վերեւ կատարեց թռիչքներ` խզելով լիբանանեան գերիշխանութիւնը:

 

 

Նախորդը

Գամիշլիի Մէջ Մեծ Պայթում

Յաջորդը

Մուսաուի. «Զօր. Աուն Նախագահ Պիտի Ընտրուի, Որովհետեւ Ան Խորհրդարանին Մեծամասնութեան Զօրակցութիւնը Կը Վայելէ»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?