
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Պահրէյնի ժողովուրդին ընտրանքին` խստիւ դատապարտելով Պահրէյնի կառավարիչին վայրագ վարուելակերպը, բռնարարքներն ու մզկիթները քանդելու եւ հոգեւորականները բանտարկելու արարքները:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ այդ բոլոր արարքները մարդկային իրաւունքներուն դէմ են` հարց տալով, թէ արդեօք ինչո՞ւ աշխարհը կ՛անտեսէ այդ բոլորը, «իսկ Միացեալ Նահանգներ ո՞ւր կը գտնուին այս բոլորին առումով, արդեօք անոնք իրենց լեզուն կո՞ւլ տուած են», հարց տուաւ ան:
Շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիան պատասխանատու է Սուրիոյ, Պահրէյնի, Եմէնի, Լիպիոյ եւ ամբողջ շրջանին փորձանքներուն, որովհետեւ ան կը ցանկայ տիրել բոլորին` արձակելով այնպիսի հրահանգներ, որոնք իսլամական կրօնին հետ ոչ մէկ կապ ունին:
«Աւելի՛ն. Ռիատ ոչ մէկ հարց ունի նաեւ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները բացայայտելով, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դատին դէմ գործելով», շեշտեց ան:
Շէյխ Քասեմ դիտել տուաւ, որ ժողովուրդի շարժումը օր մը անպայման պիտի յաղթանակէ, իսկ բռնութեան ճակատագիրը պիտի ըլլայ ձախողութիւնն ու պարտութիւնը:


