Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ռիչըրտի խորհրդական Ֆատի Հաֆեզ, ինչպէս նաեւ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի եւ Ժան Պութրոս: