Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Անդամ Երիտասարդները Կատարեցին Ցոյց Մը
Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ քաղաքացիական ընկերութեան «Մաքուր լիբանանցի» արշաւին մաս կազմող խումբ մը երիտասարդներ երէկ կէսօրէ ետք ուղղուեցան Պուրճ Համուտի վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրը: Անոնք բողոքեցին թափօններու թաղման վայրի աշխատանքներուն դէմ եւ պահանջեցին կասեցնել զանոնք: Ցուցարարները գրաւեցին պուլտոզըրներու եւ փոխադրակառքերու բանալիները:


















