
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժրէյժ յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է Պըրրիին ներկայացնել գրաւոր մամուլին զօրակցելու եւ անոր գոյատեւումը երաշխաւորելու իմաստով մշակուած ծրագիրը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ այդ մարզին դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Ժրէյժ յայտնեց, որ Պըրրի ընդառաջած է այդ ծրագիրին գործադրութեան` շեշտելով, որ գրաւոր մամուլը Լիբանանի քաղաքակիրթ դիմագիծին մաս կը կազմէ:
Ժրէյժ նշեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ
խորհրդարանի նախագահը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Ազգային երկխօսութեան նիստերը շարունակելու նպատակով, յատկապէս նախագահական աթոռի թափուր կացութեան պայմաններուն մէջ:
Ժրէյժ մաղթեց, որ Պըրրի յաջողի շրջանցել նախագահական ընտրութիւնը արգելակող խոչընդոտները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններն ու Ազգային երկխօսութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Սարաֆանտի քաղաքապետական խորհուրդին անդամները, որոնք Պըրրիի հետ քննարկեցին շրջանին կարիքները:


