ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Սիմոնեան, երէկ այցելեց Սայֆի` հանդիպում մը ունենալու համար Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամներ Փիեռ Ժալըխ եւ Էլիաս Հանքաշ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միջեւ գոյութիւն ունին պատմական յարաբերութիւններ: Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող գրեթէ բոլոր հարցերը` սկսելով Ազգային երկխօսութեան նիստէն, անցնելով նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան, հասնելով մինչեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը, ինչպէս նաեւ կարգ մը ընկերային հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի կառուցման մանրամասնութիւններուն, ինչ որ միացեալ մտահոգութիւն կը նկատուի:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մանրամասնօրէն պիտի հետեւի Պուրճ Համուտի մէջ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի կառուցման աշխատանքներուն` ապահովելու համար Պէյրութի եւ Մեթնի բնակիչներուն շահերը:
Ան աւելցուց, որ որոշ հարցերու պարագային երկու կուսակցութիւններուն տեսակէտները նոյնանման են` աւելցնելով, որ այլ հարցերու պարագային ալ կարելի է աշխատիլ` համակարծիք դուրս գալու համար:
«Լիբանան կը գտնուի կարեւոր գործընթացներու պատասխանատուութեան դիմաց, ինչպէս` նախագահական ընտրութիւն եւ ընտրական օրէնքի մշակում` երեսփոխանական արդար, պարկեշտ եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններ կայացնելու եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու նպատակով», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 17 մայիս 2017 թուականը արդէն բաւական մօտ կը նկատուի` վերահաստատելով, որ Մեթնը, Պէյրութը եւ այլ շրջաններ կը բաւեն բոլորին:
Պատասխանելով հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մնայուն կապի մէջ է Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին ու վարչապետին հետ: Ան նշեց, որ համաձայնութիւնը յստակ է եւ անոր պայմաններէն կամ կառավարութեան որոշումէն որեւէ շեղումի պարագային Կեդրոնական կոմիտէն պիտի հակազդէ եւ փակէ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրը` վերջ տալով անոր աշխատանքներուն:
Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները պատմական հիմք ունին` շեշտելով, որ աղբի հարցով պիտի գործակցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ: