Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակը Պիտի Շարունակէ Մնալ Լիբանանի Ողնասիւնը` Հեռու Մնալով Քաղաքական Լարուածութիւններէն» Շեշտեց Քահուաժի

August 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

kahwaji_tripoli_80916

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Թրիփոլիի զօրանոցը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ սպաներուն եւ զինուորներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը պիտի շարունակէ մնալ Լիբանանի ողնասիւնը` հեռու մնալով քաղաքական լարուածութիւններէն:

Զօր. Քահուաժի գնահատեց բանակին զոհողութիւնները` լիբանանեան-սուրիական սահմանները եւ Թրիփոլին ու հիւսիսային Լիբանանը պաշտպանելու ի խնդիր:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ բանակը իր կարողութեամբ, ատակութեամբ եւ բարոյական բարձր ոգիով կրցած է յաղթել ահաբեկչութեան եւ Լիբանանը պաշտպանել` հակառակ իր շրջակայքը գտնուող արիւնահեղութեան:

«Լիբանանեան բանակը ինքզինք փաստած է իբրեւ զոհողութեան պատրաստ աշխարհի լաւագոյն բանակներէն մէկը», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Զօր. Քահուաժի այցելեց նաեւ բանակի Արամանի զօրանոցը, ուր բացումը կատարեց զինուորական սեղմ գործողութիւններու ղեկավարման յատուկ սենեակի մը, ինչպէս նաեւ այլցելեց Քըպպէ, ուր բացումը կատարեց դարմանատան մը եւ մարզական համալիրի մը:

Բանակը Ստանձնեց Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւններ

us-leb_80916

Ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Գրաճեանի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի, երէկ կէսօրին բանակին ծովային խարիսխին մէջ տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած զինուորական օժանդակութեան ստանձնումը:

Բանակին տրամադրուած 50 միլիոն տոլար արժողութեամբ զինուորական օժանդակութիւնը կը պարունակէ «Համֆի» տիպի 50 զրահապատ մեքենայ, ինչպէս նաեւ թնդանօթներ եւ հազար թոն զինամթերք:

Այս առիթով գնդապետ-զօրավար  Մանուէլ Գրաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան իշխանութիւններուն եւ դեսպանին` գնահատելով անոնց կատարած որակական այս օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կողմէ շարունակ կատարուող զինուորական օժանդակութիւնները:

Ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու, որպէսզի ան քաջաբար շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ պաշտպանէ իր հողն ու լիբանանցիները` դիմադրելով ծայրայեղութեան սպառնալիքներուն:

 

 

Նախորդը

Մաշնուք Պաշտօնապէս Հրապարակեց Կենսաչափական Անցագիրները

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Լազարինիի Հետ Քննարկեց ՄԱԿ-ի Ծրագիրները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.