Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Զօր. Աունի Անձին Կառչած Չենք, Իսկ Երբ Ժողովուրդը Ուրիշ Մը Ընտրէ, Ապա Մենք Համաձայն Կը Գտնուինք» Ըսաւ Պասիլ

August 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bassil_80916

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ չկան երկու անհատներ, որոնք անհամաձայն կը գտնուին Լիբանանի համախոհական դրութեան հիմքին վերաբերեալ:

«Մենք զմեզ իրաւասու կը զգանք ամբաստանելու բոլոր անոնք, որոնք կ՛արգիլեն երկրին մէջ քաղաքական ամբողջական լուծումներու գոյացումը, որովհետեւ անոնք կը փափաքին Լիբանանը տխուր տեղեր հասցնել:

«Եթէ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ մեծամասնութիւնը չկրցաւ հանրապետութեան նախագահին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, ապա Աստուած անոր հոգին լուսաւորէ, որովհետեւ մենք այս երկրին ստրուկները չենք: Կա՛մ այն է, որ բոլորին միջեւ վարուելակերպը կը հաւասարի եւ կա՛մ ալ այդ տագնապը կ՛երկարի», ըսաւ Պասիլ:

Ան նշեց, որ Լիբանանը բաղկացնող քաղաքական կողմի մը տապալումը բոլոր լիբանանցիներուն եւ Լիբանանին տապալումն է` աւելցնելով, որ իրենք կառչած պիտի մնան Ազգային ուխտով իրենց շնորհուած իրաւունքին եւ պիտի ընտրեն հանրապետութեան նոր նախագահ մը:

«Մեզի համար կարեւոր է, որ նախագահը ըլլայ օրինական: Մենք զօր. Աունի անձին կառչած չենք, իսկ երբ ժողովուրդը ուրիշ մը ընտրէ, ապա մենք համաձայն կը գտնուինք», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով բանակի հրամանատարութեան` Պասիլ հարց տուաւ, որ արդեօք նոյն սխալին մէջ կ՛ուզե՞ն իյնալ` բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելով: «Այս հարցին գծով մեր կեցուածքը կը մնայ նոյնը. մենք համաձայն ենք, որ բանակի նոր հրամանատար ընտրուի, եւ երբ այդ իմաստով խախտում մը արձանագրուի, ապա մեր կեցուածքը յարմար պահուն պիտի յայտարարենք», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Պասիլ շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կողմէ կառավարութեան նիստին ներկայացուած տեղեկագիրը բանաստեղծութիւն էր եւ մեր հարցումները անպատասխան ձգած է:

«Հիմնական հարցը այն է, որ կայ ընդհանուր տնօրէն մը, որուն տրամադրութեան տակ կը գտնուի ամբողջ շուկային կարիքը գոհացնող համացանցի գիծերու քանակ, սակայն ան այդ ծառայութիւնը չի տրամադրեր շուկային, հետեւաբար կայ ապօրինի համացանցի դրութիւն: Այս հարցը նորութիւն մը չէ, իսկ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ իր հովանաւորութեան տակ առած է «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆը եւ զայն պաշտպանելով կ՛արգիլէ հիմնական հարցին քննարկումը կատարել», հաստատեց Պասիլ:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Լազարինիի Հետ Քննարկեց ՄԱԿ-ի Ծրագիրները

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. Ժրէյժ. «Պըրրի Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնէ Ազգային Երկխօսութիւնը Շարունակելու Նպատակով»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.