ԸՍՏ ապահովական աղբիւրներու, «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ» խմբաւորման ղեկավար Թուֆիք Թահայի զաւակը` Մոհամետ Թահա երէկ Սայտայի կառավարական հիւանդանոցին մօտ անձնատուր եղաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Նապաթիէի, Լիթանի գետին, Զաութարներուն եւ Եըհմոր Շքիֆի վերեւ գործած է ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ, իսկ իսրայէլեան շրջուն ջոկատներ Թալլեթ Ապատի, Ատայսէի եւ Ռուէյսաթ Ալամի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հսկողութիւնը աշխուժացուցած են:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ ներկայ իրադարձութիւններուն գծով Հըզպալլան պատասխանատու նկատելը ցոյց կու տայ, թէ կը դիմագրաւենք զգայուն եւ անկիւնադարձային հանգրուան մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Հըզպալլա չի փափաքիր հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ կոչ ուղղեց սահմանադրական հաստատութիւնները վերադարձնելու իրենց բնական հունին, որպէսզի կարելի ըլլայ ճիշդ ուղիով աշխատանքը շարունակել: Ան կոչ ուղղեց ստեղծելու Փտածութեան դէմ պայքարող ազգային խորհուրդ մը, որուն մաս կը կազմեն միջազգային դէտեր:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւնը իրանեան հրահանգով կատարուած է: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները ուղղակիօրէն կապուած են Իրանի հետ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը խոչընդոտելը խիստ մերժելի է:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց վկայածը լիբանանեան քաղաքական տագնապին լուծումը խանգարելու սէուտական-մուսթաքպալեան նմուշ մը եղած է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Ազգային ուխտը երկրին իսկական հաւասարակշռութիւնը պահպանող հիմքն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իրենք կ՛ուղղուին Տոհայի օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելու, եթէ կարելի չըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնը բեռ դարձած է ամբողջ արաբականութեան վրայ եւ սկսած է խայտառակել բոլորը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ 7 օգոստոսի դէպքերուն առիթով յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները կը բաժնեկցին այդ ցաւն ու տառապանքը:
ԱՄՇԻԹԻ փառատօնին բացումին առիթով` զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց ամառնային արձակուրդը մէկ շաբաթով երկարաձգելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ այս հանգրուանին նախագահական ընտրութիւն կատարել: Ան նկատել տուաւ, որ Հըզպալլայի համար նախընտրելի է, որ նախագահական աթոռը թափուր մնայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքն է, որ կ՛արգիլէ նախագահական ընտրութեան կայացումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կառչած կը մնայ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Ծերակոյտի մը հիմնումը կը միտի պաշտպանել համայնքին շահերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ոչ մէկ ձեւով կապուած է արտաքին աշխարհին հետ` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժեր ուղղակիօրէն կապուած են արտաքին աշխարհին հետ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը վերահաստատէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական թեկնածութեան նկատմամբ իր կառչածութիւնը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ սուրիական բանակն ու Դիմադրութիւնը Հալէպի մէջ զինուորական մեծ նուաճումներ արձանագրելու կարողութիւնը ունին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազեն շեշտեց, որ երեսփոխաններէն կը պահանջուի ուղղուիլ խորհրդարան եւ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ մայրաքաղաք Պէյրութի եւ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ աղբի տագնապ այլեւս կարելի պիտի չըլլայ վկայել:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես, հանդիպում մը ունենալէ ետք Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն
կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին հետ, կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական օրէնք մը, որուն հիման վրայ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի կը վերածուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ փտածութիւնը լիբանանցի քաղաքացիին եւ Լիբանանի շահերուն վրայ տիրական ներկայութիւն կը մնայ բոլոր թղթածրարներուն պարագային:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ կեցուածքներու հեռացումը կ՛ուշացնէ որեւէ համաձայնութեան յանգումը:
«ԽԱԼԻԺ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի յուսախաբուած է Մարատա հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութենէն եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նոր թեկնածուի մը շուրջ համաձայնելու առումով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զինուորական ոչ մէկ լուծում կրնայ գործադրուիլ:


