Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Յետաձգուեցաւ 7 Սեպտեմբերին

August 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

parliament_80816

Թէեւ նախագահական ընտրութիւնը կը նկատուի երկրին բոլոր հարցերուն լուծման բանալին, սակայն նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը երէկ դարձեալ յետաձգուեցաւ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի որոշումով նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի 7 սեպտեմբերին:

Նիստէն ետք նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքին մէջ նախագահական ընտրութեան թեկնածուին շուրջ ընտրութիւն չէ կատարուած, հետեւաբար իրենք կառչած կը մնան Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:

Սինիորա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահն է, որ բոլոր լիբանանցիները կը համախմբէ` նկատի ունենալով անոր փորձառութիւնը, ղեկավարութիւնն ու սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքը, վարչապետի պաշտօնը լաւագոյնս կը ներկայացուի երեսփոխան Սաատ Հարիրիով, իսկ խորհրդարանի նախագահութիւնը` երեսփոխան Մոհամետ Ռաատով:

Իր կատարած այս յայտարարութեան համար Սինիորա յետմիջօրէին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` ներում հայցելու վարչապետ Թամմամ Սալամէն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն:

Սինիորա յայտնեց, որ իր կատարած յայտարարութիւնը սխալ մեկնաբանութիւն ստացած է` աւելցնելով, որ ինք խոր յարգանք կը տածէ Սալամի եւ Պըրրիի հանդէպ` արժեւորելով անոնց ազգային դերակատարութիւնը:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան խորհրդարանին մէջ շեշտեց, որ իրենք ամբողջովին կը զօրակցին Թաէֆի գործադրութեան եւ սահմանադրութեան իւրաքանչիւր կէտի գործադրութեան:

Ան դիտել տուաւ, որ սահմանադրութեան գործադրութիւնը որոշ առաջնահերթութիւններ կ՛ենթադրէ:

Ատուան շեշտեց, որ պետութիւն մը պէտք է տէրը ըլլայ խաղաղութեան եւ պատերազմի որոշումին, ունենայ ընտրական օրէնք եւ ընտրէ հանրապետութեան նախագահ:

Ան կոչ ուղղեց սրբագրելու երկրին մէջ տիրող զէնքի հարցը` ընդգծելով, որ զէնք կրելու իրաւունքը պէտք է ունենայ միայն բանակը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր կարգին բաւարարուեցաւ ըսելով, որ ոմանց մօտ պատասխանատուութեան զգացում գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ պահանջուածը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Քանատացի Երեսփոխան Մը Եւ Ստացաւ Ինտոնեզիա Այցելութեան Հրաւէր Մը

Յաջորդը

Մահացած Է Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխուժ Պաշտօնեաներէն Նուէր Նալբանդեանը

RelatedPosts

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

October 12, 2026
«Հըզպալլան Իրանէն  200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ»  Կ՛ըսէ Փիկըթ
Լիբանանեան

«Հըզպալլան Իրանէն 200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ» Կ՛ըսէ Փիկըթ

October 12, 2026
«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ,  Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ  Իսկական Տեղ Ունենան»  Կ՛ըսէ Պայրագտարեան
Լիբանանեան

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ, Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ Իսկական Տեղ Ունենան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.