
Մուսթաքպալ պլոքի յատուկ աղբիւրներ հերքեցին այն տեղեկութիւնները, թէ Սէուտական Արաբիա տուն կանչած է իր դեսպանը` աւելցնելով, որ Ասիրի օգոստոսի աւարտին պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ եւ իր պաշտօնը պիտի շարունակէ մինչեւ սեպտեմբեր, երբ նոր դեսպան մը պիտի նշանակուի:
Նշենք, որ օր մը առաջ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Ասիրի տուն կանչուած է Սէուտական Արաբիոյ կողմէ:
Իր կարգին, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ասիրի քաղաքական պատճառներով մեկնած է Ռիատ` աւելցնելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ոչ մէկ տեղեկութիւն ստացած է սէուտցի դեսպանին տուն կանչուելուն կամ Լիբանանի մէջ սէուտական ներկայացուցչութիւնը միայն դեսպանատան գործավարի մակարդակին հասցնելուն վերաբերեալ:
Նշենք, որ Ասիրի երէկ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ ինք ներկայիս Սէուտական Արաբիա կը գտնուի եւ արձակուրդի մէջ է: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ սէուտական դեսպանատան աշխատանքները կը կատարէ դեսպանատան գործավարը:


