
Լիբանանեան բանակի ուղղաթիռներ երէկ ուշ գիշերին ռմբակոծեցին Ուատի Խէյլի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:
Ռմբակոծումին պատճառով պայթեցան ՏԱՀԵՇ-ի զէնքի պահեստանոց մը եւ երկու ինքնաշարժներ:
Միւս կողմէ, բանակի յատուկ ջոկատ մը, գործակցութեամբ` բանակի գաղտնի սպասարկութեան, երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-ին Հերմելի մէջ գործադրեց խուզարկումի ընդարձակ արշաւ մը` թիրախ դարձնելով այդ շրջանին մէջ գտնուող սուրիական գաղթակայանները:
Խուզարկումներ կատարուեցան նաեւ Թալլի, Հաուշ Սէյիտ Ալիի եւ Շաուաղիրի շրջաններուն մէջ, եւ այդ խուզարկումներուն շնորհիւ ձերբակալուեցան 40 սուրիացի կասկածելիներ:
Բանակը գրաւեց նաեւ ապօրինի կերպով Լիբանան փոխադրուած մոթորսիքլեթներ եւ որսի յատուկ զէնքեր:
Նշենք, որ բանակը յետմիջօրէին պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մօտակայքը ձերբակալեց Ապտել Հալիմ Զ.-ն, որ Պիլալ Պատըրի նախագահած ահաբեկչական խմբաւորումին անդամներէն է եւ որուն դէմ արձակուած են մեծ թիւով բերման գիրեր:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատան զինուորական կցորդ Ռաթմիր Մունիրովիչ Կապասովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ ռուսական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան կարելիութիւնները:
 
			

