Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեհրապի Մէջ. Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Նահատակներուն Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

September 5, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

lf-martyrs-mess_90416

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթ երեկոյեան Մեհրապի մէջ նախագահեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներուն նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, որուն ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, հովանաւորութեամբ` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, պետական անձնաւորութիւններ, զինուորականներ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը:

Ժահժահ ողջունեց Լիբանանեան ուժերու նահատակները` հաստատելով, որ անոնք են Լիբանանի խիղճը եւ լիբանանեան հողը, սկսեալ Այն Ռըմմանէէն, անցնելով Էշրեֆիէ, Այնթուրա, Աքքար, Տէյր Ահմար, Քաա, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Պեքաա, Զահլէ, հարաւային Լիբանան, հասնելով մինչեւ Պէյրութ` Նահատակաց հրապարակ:

Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք իրենց ուժն ու կորովը կը ստանան իրաւունքէն եւ ոգիէն: Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի թշնամիներուն, որ լաւ ստուգեն նահատակներուն անուանացանկը եւ ըստ այնմ վարուին իրենց հետ:

«Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը միայն ազատութեան եւ անկախութեան հարցերով ուժ չէ, այլ` ուժ Լիբանանի հետ կապ ունեցող ամէն բանի պարագային», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով քաղաքական կեանքին` ան յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին երեսփոխանական ընտրութիւններուն, սակայն նախքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել կը նշանակէ կառավարական թափուր դրութիւն ստեղծել: «Հետեւաբար հիմնական քայլը, որ պէտք է առնուի, նախագահի ընտրութիւնն է: Իսկ մեզի համար նախագահական ընտրութեան հարցը լուծելու միակ միջոցը այն է, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընտրուի հանրապետութեան նախագահ, իսկ մեր դաշնակիցը` Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի դառնայ վարչապետ», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ժահժահ ակնարկեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ հաշտութեան` հաստատելով, որ անիկա նախագահական ընտրութեան թղթածրարով սկսած է, սակայն շատ աւելի խոր եւ ամբողջական հաշտութեան մը պիտի վերածուի:

Նախորդը

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթներու Պայթումի Ամբաստանութեան Մասին

Յաջորդը

Զօր. Սլէյման Ռայի Պատրիարքին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.