
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ փոփոխութիւն մը յառաջացնելու համար նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թուականը, այսինքն` 2005-ը ձեռնտու էր, նկատի ունենալով Լիբանանէն սուրիական ուժերուն հեռացումն ու տիրող քաոսը:
Նոյն աղբիւրները հաստատած են, որ իսրայէլեան զինուորական եւ քաղաքական մարմինները հիւսիսային Իսրայէլի սահմաններուն վրայ իրենց ուժը պէտք է փորձարկեն մնայուն կերպով` իմանալու համար, թէ իրենք ապահով են:
«Հըզպալլայի զինուորական սպառնալիքը իսրայէլեան ուժերուն համար իսկական մարտահրաւէր է», կը գրէ «Հաարեց»:


