
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց, թէ Անթալիոյ մէջ շաբաթ գիշեր ընկղմած զբօսաշրջական նաւուն մէջ կը գտնուէին նաեւ լիբանանցիներ:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս դէպքին մանրամասնութիւններուն հետեւած է` կապ պահելով Պոլսոյ մէջ Լիբանանի հիւպատոս Հանի Շմայթլիի հետ:
Ըստ Շմայթլիի, նաւուն մէջ կը գտնուէին 8 լիբանանցիներ, որոնցմէ 7-ն փրկուած են, իսկ մէկը` Սամիրա Ֆրայհա խեղդուած:
Շմայթլի աւելցուց, որ Ֆրայհայի դիակը պիտի ուղարկուի Լիբանան:


