Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ պատրիարքներու պարտէզին մէջ բացումը կատարեց «Մար Մարոնի Ովասիս»-ին` ներկայութեամբ Մարոնիներու լիկայի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի եւ այլ հոգեւոր թէ ներկայացուցչական անձնաւորութիւններու:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց հարթելու խոչընդոտները եւ թեթեւցնելու քաղաքացիներուն բեռը: