Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 5, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՐ Ֆաթուայի համաձայն, երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերը կը զուգադիպի Ատհայի տօնին առաջին օրուան:

ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ Նատիմ Շ. երէկ Այն Հելուէ գաղթակայանին մուտքին անձնատուր եղաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան: Նշենք, որ Նատիմ Շ.-ի դէմ շարք մը բերման գիրեր արձանագրուած են` տարբեր յանցանքներ գործելու պատճառով:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ ուրիշը ջնջել` պահանջելով իրարու միջեւ հաւասարութիւն բանեցնել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ կոչ ուղղեց վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը` շեշտելով, որ ատիկա իրաւունք մըն է, որ կարելի չէ տապալել ժամանակի ընթացքին:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ օրինական ներկայացուցչութիւնը կարելի է ապահովել Լիբանանը որոշ տագնապներէ չէզոքացնելու պարագային:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր կոչ ուղղեց քաղաքական կողմերուն պատասխանատուութիւն ստանձնելու, ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու եւ կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ Թրիփոլի պիտի շարունակէ մնալ ազգային միասնականութեան քաղաքը` տապալելով սադրանքները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար կոչ ուղղեց հաշուետուութեան կանչելու այն անձերը, որոնք պատասխանատու են Իսրայէլի օդակայանին մէջ Լիբանանի անունը կրող օդանաւին էջք կատարելուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր համադրող Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին իրենք օրինական ներկայացուցչութեան հարցը պիտի արծարծեն եւ կարիքը չունին, որ այս կամ այն կողմը զիրենք պաշտպանէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ առիթը տակաւին առկայ է դուրս գալու տեղքայլի դրութենէն եւ յանգելու համաձայնութիւններու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ եթէ կայ մէկը, որ երկխօսութենէ բացի այլ ձեւ կամ միջոց ունի` երկրին հարցերը լուծելու, ապա թող բացայայտէ զայն:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատու, երեսփոխան Հանի Քպայսի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային համերաշխութեան եւ երկխօսութեան մշակոյթները պէտք է ամրապնդել: Ան շեշտեց, որ առանց լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան Լիբանան գոյութիւն չէր ունենար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Քամել Ռաֆիհի յոյս յայտնեց, որ բոլորը վերատեսութեան ենթարկեն իրենց հաշիւները եւ դիւրացնեն կառավարութեան աշխատանքը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը մնայուն կերպով կառչած պիտի մնայ վարչական ապակեդրոնացումի դրութիւնը գործադրելու պահանջին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունած ըլլար Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը, ապա ան Հըզպալլան փրկած կ՛ըլլար զինք կաշկանդող այսօրուան կապերէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Մոսկուա անշեղ կը մնայ Լիբանանի ապահովութեան ու կայունութեան զօրակցելու իր կեցուածքէն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ցարդ կառչած կը մնայ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական յատուկ աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը վերջնական է եւ արդէն իսկ քննարկելի նիւթ ըլլալէ դադրած:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, երկուշաբթի օրուան Ազգային երկխօսութեան նիստին տրամադրութեան տեւողութիւնը պիտի երկարի մինչեւ հինգշաբթի օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, որ եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը ժողովին ընթացքին օրինական ներկայացուցչութիւնը յարգէ, ապա համախմբումը նախարարաց խորհուրդին նկատմամբ նոյն վարուելակերպը պիտի ցուցաբերէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, 7-9 նախարար պիտի մերժեն ստորագրել կառավարութեան նիստին ընթացքին տրուած որոշումները:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Բանակը Կը Վերատիրանայ Անցեալ Ամիս Հալէպի Մէջ Իր Կորսնցուցած Շրջաններուն

Յաջորդը

«Հաարեց». «Հըզպալլայի Զինուորական Սպառնալիքը Իսրայէլեան Ուժերուն Համար Իսկական Մարտահրաւէր Է»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?