Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ կոչ ուղղեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան օգնելու` փողոցներէն աղբերու վերացման համար: Ելեւմուտքի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ իր խորհրդակցութեանց աւարտին մամլոյ ասուլիս մը տալով` Շեհայէպ յայտնեց, որ կարելի եղած է լուծման յանգիլ` կողմերուն հետ բանակցութեանց ճամբով: