Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան արտաքին քաղաքականութեան պաշտօնակատար Թոմըս Շենընը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:


