Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Կը Պարգեւատրուի Իբրեւ Հանրային Վարչութեան Մէջ Լիբանանցի Յառաջատար Կին

September 3, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Guidanian_90216Մեծն Լիբանանի պետութեան յայտարարութեան 96-ամեակին առիթով` հինգշաբթի, 1 սեպտեմբերին, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային վարչութիւններու լիբանանցի յառաջատար կիներու եւ Լիբանանի մէջ կին դեսպաններու պարգեւատրումը:

Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրումի պաշտօնական ձեռնարկը կազմակերպեց Մեծն Լիբանանի պետութեան յայտարարութեան 100-ամեակի ազգային նախաձեռնութիւն – Լիբանանը գիտութեան երկիր` 2020-ի լիբանանցի կիներու ծրագիրը,  հովանաւորութեամբ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ` կրթութեան հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի, երեսփոխաններ Ժիլպերթ Զուէյն եւ Մարուան Համատէ, ինչպէս նաեւ բանակի եւ ապահովական կառոյցներու պետերու ներկայացուցիչ բարձրաստիճան զինուորականներ, ակադեմականներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ կրթական մշակներ:

Ձեռնարկին խօսք առաւ Պահիա Հարիրի, որ բարձր գնահատեց հանրային վարչութիւններուն մէջ աշխատող յառաջատար կիներուն առաքելութիւնը, աշխատանքներն ու արձանագրած նուաճումները:

Ան շեշտեց, որ ինչպէս 1 սեպտեմբեր 1920-ին, երբ Մեծն Լիբանանի պետութիւնը յայտարարուեցաւ, այսօր` 96 տարի ետք եւս Լիբանան կը մնայ գիտութեան, յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման երկիր` հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Կառավարական մարմիններու եւ պետական հաստատութիւններու ընդհանուր տնօրէններու շարքին պարգեւատրուեցաւ նաեւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան:

Նկատի ունենալով դոկտ. Կիտանեանի 17-ամեայ նուիրուած աշխատանքը` Պահիա Հարիրի դոկտ. Կիտանեանը կոչեց «Տնօրէններու տնօրէն»` բարձր գնահատելով անոր վաստակը:

 

Նախորդը

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթները Պայթեցնելու Յանցանքով Կ՛ամբաստանուին Սուրիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Երկու Սպաներ

Յաջորդը

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբերող որեւէ Լուծում Պէտք Է Կառավարութեան Համաձայնութեան Արժանանայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ճաշարաններու Սենտիքան Կոչ Կ՛Ուղղէ` Այսուհետեւ Փոխան «Թրքական Սուրճ»-ի «Լիբանանեան Սուրճ» Անունը Օգտագործելու
Լիբանանեան

Ճաշարաններու Սենտիքան Կոչ Կ՛Ուղղէ` Այսուհետեւ Փոխան «Թրքական Սուրճ»-ի «Լիբանանեան Սուրճ» Անունը Օգտագործելու

February 12, 2026
Շէյխ Քապալան. «Այն, Ինչ Որ Քուլիսներու Մէջ  Տեղի Կ՛ունենայ, Վտանգաւոր Է  Եւ Ազգային Շահին Չի Ծառայեր»
Լիբանանեան

Քապալան. «Դիմադրութեան Վերջին Պատերազմին Մատուցածը Առասպելական Տոկունութեան Հսկայական Բնորդ Մըն Է»

February 12, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.