«Պէտք Է Անհատական Ունակութիւնները Վերածել Հաւաքական Արդիւնաւէտ Ուժականութեան» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ
«Լիբանանի առաքելութիւնն է հանդուրժողականութիւն ցուցաբերել ուրիշին նկատմամբ եւ համակեցութեամբ ապրիլ հետը», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ` Նիւ Եորքի մէջ ուժանիւթի յատկացուած ժողովի մը ընթացքին: «Մեր նախաձեռնութիւնը կը բխի Լիբանանի նկատմամբ մեր հաւատքէն, այն միջոցին, երբ ուրիշներ կը փորձեն ֆիզիքապէս եւ քաղաքականապէս ջրել ու վանել դիմացինը», ընդգծեց Պասիլ` նշեալ ժողովին իր ողջոյնի բացման խօսքին մէջ: «Պէտք է անհատական ունակութիւնները վերածել...


















