Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտօնական Կառոյցներու Տեղքայլի Լոյսին Տակ. Միջազգային Զօրակցութեան Նախաքայլեր

September 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

michel-aoun_91516

Երկրի պաշտօնական կառոյցներու աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան առկախման լոյսին տակ ընդհանուր մտավախութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ երկրի ժողովրդային եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ:

Արդարեւ, իրերու զարգացման իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով` 28 սեպտեմբերը անկիւնադարձային թուական կը նկատուի եւ զայն յաջորդող օրը պիտի չնմանի անոր նախորդին:

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին խնդրոյ առարկայ կողմերու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Այս ծիրին մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ զօր. Միշել Աունի խորհրդականներուն միջեւ կապը չէ կտրուած, ինչ որ կասկածի մղած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որ վերջերս երկար խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, Տիմանի մէջ: Փոխադարձաբար, Հարիրիի շրջանակներ վերջինիս Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանէն փորձեցին փարատել Ֆրենժիէի մտավախութիւնները, թէ Հարիրի տակաւին կը զօրակցի իր թեկնածութեան, այնքան ատեն որ ինք նախագահական թեկնածու յայտարարած է ինքզինք:

Միւս կողմէ, աունականներու շրջանակներ «գերաստիճան» հանդիպում մը կը նախատեսեն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ զօր. Միշել Աունի միջեւ, համակարգելու համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութեան նախաքայլերը` 28 սեպտեմբերին (2016) նախատեսուող նախագահական ընտրութեան 45-րդ նիստին: Այլապէս, Աուն-Նասրալլա հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 28 սեպտեմբերի նիստին ձախողութեան լոյսին տակ, Հըզպալլան տեղեակ պահելու աունականներու մագլցողական քայլերէն: Այս քայլերը կու գան յաւելեալ հաւանականութիւն ստանալու այն ժխտական տեղեկութեանց լոյսին տակ, ըստ որոնց, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի փորձած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին համոզել` հրաժարելու Աունի թեկնածութեան իր զօրակցութենէն եւ լաւ սերտելու յառաջիկայ փուլը, նախքան նման «խենթ» ընտրանքներու ուղղուիլը:

Արդարեւ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը, որ երէկ երեկոյ հաղորդեց լուրը, աւելցուց, որ Հարիրի վերջերս Պըրրիին յայտնած է Աունին զօրակցելու իր ընտրանքը վճռելու պատրաստակամութիւնը` «այլեւս չեմ կրնար սպասել» ըսելով:

Նոյն ծիրին մէջ, «Օ. Թի. Վի.» կայանի համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութ կը վերադառնայ յաջորդ շաբթուան ընթացքին, ինչ որ նոր թափ պիտի տայ այս ուղղութեամբ տեղի ունենալիք քուլիսային խորհրդակցութեանց:

Այս բոլորին լոյսին տակ կարգ մը մեկնաբաններ մտավախութիւն յայտնեցին, որ Լիբանան իրերու ներկայ դրութեան մէջ եւ շրջանային, քաղաքական թէ ապահովական զարգացումներուն լոյսին տակ կրնայ «անորոշ վիճակ» թեւակոխել, եթէ նախագահի ընտրութիւնը ձախողի նախքան այս տարեվերջը:

Փոխադարձաբար սակայն, այլ մեկնաբաններ աւելի լաւատես կը մօտենան դէպքերու ընթերցումին: Այս իմաստով քաղաքական մեկնաբան Ճոնի Մնայյար երէկ եւրոպացի դիւանագէտի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները աւելի լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ Լիբանանի յառաջիկայ փուլին գծով: Անցեալի եօթանասունական եւ ութսունական թուականներու մթնոլորտը չկայ այլեւս, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըրի խորհրդականներ կը նսեմացնէին շրջանին մէջ Լիբանանի վարկն ու դերը:

Ըստ նշեալ դիւանագէտին մեծ պետութեանց միջեւ շրջանային համաձայնութիւնները անպայման որ իրենց դրական անդրադարձը պիտի ունենան Լիբանանի կացութեան վրայ:

Լաւատեսութեան այլ ազդանշան էր երէկ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչին ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքը Լիբանանի կայունութեան ու սահմանադրական կառոյցներու աշխատանքներուն վերաշխուժացման գծով:

Նախորդը

Վարչապետը Յանձնարարած Է Կարելի Եղածին Չափ Նուազեցնել Ելեկտրականութեան Եւ Կազի Գիները

Յաջորդը

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

RelatedPosts

Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

February 9, 2026
Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.