Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ատհայի Տօնին Բերումով. Քաղաքական Խորհրդակցութիւնները Կ՛առկախուին` Սպասելով Վարչապետ Սալամի Նիւ Եորքէն Վերադարձին

Սեպտեմբեր 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ շաբաթավերջի եւ անոր յաջորդող Ատհայի տօնի արձակուրդի մթնոլորտին, երկրին հրատապ հարցերը շարունակեցին առանցքը կազմել քաղաքական թէ պաշտօնական խորհրդակցութեանց եւ դրսեւորուած կեցուածքներուն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան նիստերուն եւ անոր գործունէութեան առկախման:

ministerial-council_81816

Արդարեւ, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ վերապահութեամբ, չըսելու համար քննադատութեամբ հակազդեց «վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ Ռապիէին յղուած այն պատգամ»-ին, թէ Սալամ կառչած կը մնայ կառավարութեան նիստերու գումարման իր որոշումին` խոստանալով առկախել անցնող 18 օգոստոսի նիստին առնուած կարեւոր որոշումներու վաւերացումը: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բանբերը հանդիսացող կայանը «ծուղակ» որակեց Սալամի այս քայլը, որ «կը միտի ժամավաճառութեան, որուն ընթացքին պիտի գործադրուի բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան մէկ տարիով երկարաձգումը»: Քայլ մը, որուն դէմ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը` անոր մէջ նկատելով նախագահական հաւանական թեկնածուի հեռանկարը:

Յիշեցնենք, որ զօր. Քահուաժիի պաշտօնավարութեան ժամկէտը կ՛աւարտի 30 սեպտեմբերին, եւ կառավարութեան նիստերու առկախումով, փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել պիտի հարկադրուի անգամ մը եւս մէկ տարիով անոր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշում տալ:

Իրերու այս դրութեան մէջ պատկան կողմեր կը սպասեն դրական նախաձեռնութիւններու: Այս ծիրին մէջ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն երեսփոխան Ալեն Աուն այս տագնապին լուծումը կը նկատէ նախագահի ընտրութեան կայացման մէջ:

Այս իմաստով Ռապիէ կը սպասէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Սէուտական Արաբիայէն վերադարձին, ուր ան մեկնած է Ատհայի տօնին առիթով: Աունական աղբիւրներ համոզուած են, որ զօր. Աունի նախագահ ընտրութիւնը արգելակող գլխաւոր վեթոն Ռիատէն կու գայ, առ այդ կը սպասեն, որ Հարիրի դրական արդիւնքով վերադառնայ Սէուտական Արաբիայէն:

Այսուհանդերձ մտավախութիւնները կը շարունակուին, թէ կառավարութեան նիստի գումարման գծով կողմերը կրնան համամիտ ըլլալ, սակայն հարցը այդ նիստերուն արդիւնաւէտութիւնն է, յատկապէս երկրին հրատապ հարցերուն լուծման գծով:

Նոյն ծիրին մէջ, Մարատա հոսանքի աղբիւր մը յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կարգ մը պահանջները արդարացի են, սակայն կարիքը չկայ հարցը այս աստիճան բարդացնելու:

Նոյն աղբիւրը հաստատեց, որ Մարատայի ներկայացուցիչը պիտի մասնակցի կառավարութեան յառաջիկայ նիստին:

Նմանապէս արդարադատութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու կառավարութեան յառաջիկայ նիստին, յատկապէս եթէ անիկա պիտի վաւերացնէ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի որոշումը` Թրիփոլիի Թաուհիտ եւ Արաբ ժողովրդավարական կուսակցութիւնները լուծարքի ենթարկելու գծով:

Այս բոլորին լոյսին տակ, աունականներ յոռետես են դէպքերու զարգացումին գծով` նշելով, որ իրենք առիթ պիտի չտան, որ «միւս կողմեր»-ը կառավարեն երկիրը:

Առ այդ, քաղաքական պատկերը կը սպասէ վարչապետ Թամմամ Սալամի` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն ետք Նիւ Եորքէն վերադարձին, որուն հետ տեղի ունենալիք քուլիսային մետասաներորդ պահու խորհրդակցութիւնները կրնան փրկել կացութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Ազգային Ուխտը Աւելի Վեհ Ու Գերիվեր Է, Քան Սահմանադրութիւնն Ու Օրէնքը, Եւ Անոր Անունով Պիտի Պայքարինք Փրկելու Համար Լիբանանը»

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Բանակին Առնչուող Խորհրդակցութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?