Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ատհայի Տօնական Պատգամներէն Ետք Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը 28 Սեպտեմբերն Ու 13 Հոկտեմբերը Կը Նշէ Իբրեւ Հանգրուանային Ժամկէտներ

September 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

takattol-1_91416

Հակառակ Ատհայի տօնին առիթով երկօրեայ պաշտօնական արձակուրդին, երկրի հրատապ հարցերուն գծով պատկան կողմերը չվարանեցան իրենց պատգամները փոխանցել շնորհաւորական հաղորդակցութեանց ընթացքին:

Այս ծիրին մէջ խնդրայարոյց եւ բանավէճի առանցքային նիւթեր էին` Ազգային ուխտը, հիմնադիր համագումարը կառավարութեան աշխատանքին վերաշխուժացումը, Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսումը եւ յարակից հարցեր:

Այս գծով թեր ու դէմ կարծիքներ դրսեւորուեցան յատկապէս նախկին նախարար Թալալ Արսլանի առաջադրած Հիմնադիր համագումարին գծով:

Իսկ ազգային երկխօսութեան գծով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վերահաստատեց, որ երկխօսութեան նիստին կը հրաւիրէ իր պայմաններուն գծով կողմերու հաւանութենէն ետք:

Այս գծով ուշագրաւ էր Պըրրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի միջեւ «Թուիթըր»-ային զրոյցը, ուր Պըրրի հեգնանքով մերժեց երկխօսութեան մասնակիցները հինգ-վեց կողմերով սահմանափակելու Ժահժահի առաջարկը: Իսկ երէկ, չորեքշաբթի օրուան հանդիպումներուն առիթով Պըրրի յայտնեց, որ քաղաքական նորութիւն չկայ` մաղթելով ապահովական իրագործումները հեռու պահել քաղաքականութենէ:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ վերահաստատեց Ազգային ուխտի տրամադրութիւններուն պահպանման գծով իր վճռակամութիւնը:

Իսկ երէկ յետմիջօրէին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը իր հերթական նիստին որոշեց քանի մը օրերու առիթ տալ պատկան կողմերուն, այլապէս սպառնալով սաստկացնել իրենց քայլերը:

takattol-3_91416

Այս ծիրին մէջ, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կարդաց համախմբումի հաղորդագրութիւնը` ընդգծելով, որ իրենք ձեռնարկած են նախապատրաստական քայլերու, եւ 28 սեպտեմբերն ու 13 հոկտեմբերը կը նկատուին հանգրուանային ժամկէտներ, որոնց ընթացքին անոնք պիտի ձեռնարկեն իրենց քայլերուն` «Ազգային ուխտ»-ի կարգախօսին տակ:

Ժրայսաթի նաեւ աւելցուց, որ փողոց իջնելէն ետք անոնք տուն պիտի չդառնան մինչեւ նախագահի ընտրութեան, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքի եւ առնչակից հարցերու «լուծման»:

Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայյատ երէկ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ վերահաստատեց Հըզպալլայի զօրակցութիւնը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան` ընդգծելով, որ ազգային երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է եւ հոն պէտք է ներկայ ըլլան ու մասնակցին լիբանանեան բոլոր կողմերու ներկայացուցիչները:

Իրերու այս դրութեան մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ այս շաբաթավերջին պիտի մեկնի Նիւ Եորք` Լիբանանը ներկայացնելու ՄԱԿ-ի ժողովին, ուր ան իր խօսքին մէջ պիտի շեշտէ սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձի անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս որ յայտարարեց ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին:

Առ այդ, քաղաքական գործնական որեւէ նոր քայլ չի սպասուիր` սպասելով Սալամի վերադարձին եւ Ազգային ազատ հոսանքի կեցուածքի մեղմացման…

 

Նախորդը

Հոգեհանգիստ` Նախկին Նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի Նահատակութեան 34-րդ Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

«Անցնող Շաբաթներու Դասը Բաւարար Պէտք Է Ըլլայ, Որ Կառավարութեան Ծրագիրի Կասեցման Քայլեր Անգամ Մը Եւս Չառնուին» «Օ. Թի. Վի.»-ին Եւ «Նիւ. Թի. Վի.»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.