Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Տեղքայլի Մթնոլորտին Մէջ. Քաղաքական Միջազգային Զօրակցութեան Նախանշաններ` Լիբանանին

Սեպտեմբեր 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_un_91516

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ պետութեանց դեսպանները` Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, Ֆրանսայի դեսպան Էմմանուէլ Պոն, Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր, Չինաստանի դեսպան Զիանկ Քիկիան, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի աշխատանքներու ընդհանուր համակարգող Սիկրիտ Քաակ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանային եւ լիբանանեան ընդհանուր իրադրութեան նորագոյն զարգացումներուն վրայ: Դեսպանները այս առիթով դրուատեցին վարչապետ Սալամի անխոնջ ճիգերը երկրի կայունութեան եւ անդորրութեան գծով:

Աւարտին դեսպանները միացեալ հաղորդագրութեամբ մը Լիբանանի ղեկավարներուն թելադրեցին հարթել միջլիբանանեան տարակարծութիւնները եւ դիւրացնել երկիրը պատած տագնապներու լուծման քայլերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան, կառավարութեան նիստերու վերաշխուժացման, խորհրդարանի վերակենդանացման, ինչպէս նաեւ ամենայն պատասխանատուութեամբ ծառայել հայրենիքին: Հաղորդագրութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի կայունութեան եւ անդորրութեան ամրապնդման: Հաղորդագրութիւնը ջերմօրէն մաղթեց երեսփոխանական ընտրութեանց կայացումը 2017 տարեշրջանին:

Դեսպանները նաեւ բարձր գնահատեցին Լիբանանի ցուցաբերած մօտեցումը սուրիացի գաղթականներու հիւրընկալման գծով եւ առ այդ թախանձագին թելադրեցին, որ Լիբանան` մեկնելով իր այս փորձառութենէն, այս մարզին մէջ ղեկավարի դեր ստանձնէ եւ այս առնչութեամբ շինիչ առաջարկներով ներկայանայ ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ տեղի ունենալիք գաղթականներու յատուկ համագումարին:

Նաեւ` Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչին Հետ

salam-european-ambassador_91516

Վարչապետ Սալամ երէկ նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին լիբանանեան հրապարակի ընդհանուր իրավիճակը եւ այս գծով Եւրոպական Միութեան զօրակցութեան կարեւորութիւնն ու առնչակից հարցեր:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին երկրին հրատապ հարցերը:

Այս իմաստով իմացուեցաւ, թէ նախարար Մուքպել առայժմ առկախած է բանակի հրամանատարին, ինչպէս նաեւ սպայակոյտի պետին պաշտօնավարութեանց երկարաձգման հարցը դուռ բանալու կնճռոտ հարցերու հարթումին ձգտող ճիգերուն դիմաց:

Վարչապետը նաեւ երէկ լծուեցաւ շաբաթավերջին ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք մեկնելու իր ճամբորդութեան նախապատրաստական քայլերուն: Այս առիթով վարչապետ Սալամ Լիբանանի խօսքը պիտի փոխանցէ գաղթականներու յատուկ համագումարին, որ պիտի գումարուի նոյն ժամանակամիջոցին:

 

 

 

Նախորդը

Նախարար Ապու Սաապ Վերահաստատեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Կեցուածքը

Յաջորդը

Ուորլիք. «Արցախի Տագնապին Լուծումը Կ՛ենթադրէ Որոշ Տարածքներու Վերադարձը Ազրպէյճանին»

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?