Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Ապու Սաապ Վերահաստատեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Կեցուածքը

Սեպտեմբեր 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

bou-saab_ghanem_91516

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ գիշեր պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին վերահաստատեց, որ պետական պաշտօնեաներու պաշտօնավարութեանց «երկարաձգման որոշումը պիտի չանցնի»:

Առաւելաբար կրթական հարցերու յատկացուած յայտագիրին ընթացքին, հարցապնդուելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական կեցուածքին մասին, նախարար Ապու Սաապ նշեց, որ իրենք այս կառավարութեան մասնակցած էին ժամանակաւոր կերպով, սակայն նախագահի ընտրութեան ձգձգումը իր կարգին պատճառ դարձաւ կառավարութեան մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեան երկարաձգման:

«Կարելի չէ հարցերը բնականոն ու հեզասահ կերպով ընթանան քրիստոնեայ ներկայացուցչութեան եւ իրա՛ւ Ազգային ուխտի տրամադրութիւններու բացակայութեան», շեշտեց նախարար Ապու Սաապ` վերահաստատելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեցուածքը նախապէս նշուած ժամկէտներուն գծով:

Երեսփոխանական ընտրութեանց գծով Ապու Սաապ անհաւանական նկատեց 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխաններու ընտրութիւնը, որովհետեւ ատիկա պիտի արգելակէ նախագահական ընտրութիւնը, եւ հետեւաբար պիտի գտնուինք երեք սահմանադրական կառոյցներու անդամալոյծ վիճակին դիմաց:

Կրթական մարզին գծով Ապու Սաապ հաստատեց, որ հանգրուանային կերպով պիտի բարելաւէ երկրի կրթական ծրագիրներուն ուղեգիծը:

Նաեւ` Աղբերու Գծով

Իսկ աղբերու թնճուկին գծով Ապու Սաապ շեշտեց, որ ոմանք քսան տարիէ ի վեր նիւթապէս կ՛օգտուէին այդ մարզէն: Ան իր զարմանքը յայտնեց ի տես Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան պատկան մարմիններու դրական մօտեցումին. վերջիններս պատրաստակամութիւն յայտնած են ամէն ձեւով օգտակար ըլլալու Լիբանանի, յատկապէս` Մեթնի եւ Քեսրուանի աղբերու տագնապի լուծման:

Միւս կողմէ, նախարար Ապու Սաապ չկրցաւ զսպել իր արտասուքը ի տես փոքրիկն Սոֆի Մշլեպի  բժշկական սխալի պատճառով անդամահատման պարզած պատկերին:

 

Նախորդը

Սաատ Հարիրի. «Ժոմպլաթի Ապահովութիւնը Լիբանանի Ապահովութենէն Կախեալ Է»

Յաջորդը

Սահմանադրական Տեղքայլի Մթնոլորտին Մէջ. Քաղաքական Միջազգային Զօրակցութեան Նախանշաններ` Լիբանանին

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?