Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեք Շաբթուան Կուտակումէն Ետք. Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Արտօնեց Աղբերու Փողոցներէն Վերացումը Դիւրացնող Նախաքայլերու Վերսկսման

September 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

municipalitylogo_

Աւելի քան երեք շաբաթ փողոցներուն մէջ աղբերու կուտակման լոյսին տակ եւ մեկնելով քաղաքացիներու առողջութեան նկատմամբ իր նախանձախնդրութենէն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը երէկ` չորեքշաբթի, հաղորդագրութեամբ մը իր հաւանութիւնը յայտնեց այս գծով ստեղծուած մթերման վայրին մէջ նոր աղբերու մթերման աշխատանքի վերսկսման առնչութեամբ:

Եւ իրապէս, «Սուքլին» ընկերութեան աշխատաւորներ, ինչպէս նաեւ Մեթնի եւ Քեսրուանի քառասունհինգ քաղաքապետութիւններ տենդագին լծուեցան աղբերու վերացման աշխատանքին` երկիրը փրկելով ախտավարակ հիւանդութեանց յառաջացման ստոյգ սպառնալիքի թնճուկէն:

Նախքան այդ, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ նախանցեալ օր ձեռնարկեց խորհրդակցութիւններու պատկան կողմերուն, յատկապէս` ՀՅԴ-ի, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ:

Աւարտին, նախարար Շեհայէպ քաղաքացիներուն  աւետեց աղբերու տագնապի հանգրուանային լուծման ծրագիրը` մանրամասնելով որդեգրուելիք յառաջիկայ քայլերը:

Այս առիթով նախարար Շեհայէպ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց դրական մօտեցումով նպաստեցին այս տագնապի լուծման, յատկապէս` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանին եւ նախարար Էլիաս Ապու Սաապին:

Ստորեւ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը.

Յայտարարութիւն

Հիմնուելով լիբանանեան կառավարութեան  9/9/2015 թուակիր նիստին վրայ, որու ընթացքին վաւերացուեցաւ աղբերու տագնապի լուծման կառավարութեան որդեգրած փոխանցման ծրագիրը,

– Նկատի ունենալով վերջերս պատահած բանավէճերն ու նստացոյցերը, որոնց պատճառով հարկադրաբար եւ զանազան պատճառներով առկախուեցաւ նշեալ ծրագիրը,

– Եւ նկատի ունենալով, որ քաղաքակրթութեան երկիր` Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը այլեւս անզօր է հանդուրժելու որեւէ ուշացում` հանգրուանային այս ծրագիրի գործադրութեան գծով,

– Եւ փարատելու համար այս ծրագիրին գործադրութեան արգելակման հետեւանքով եղած վնասները  եւ պահպանելու համար քաղաքացիներուն առողջութիւնը,

– Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը` մեկնելով Լիբանանի խորհրդարանական եւ կառավարական աշխատանքին նպաստելու, ինչպէս նաեւ` երկրին վերականգնումը արգելակող տագնապներու լուծման գծով գործակցութեան հիմնադրոյթներու ամրագրման իր մնայուն նախանձախնդրութենէն,

Կը յայտարարէ.

Իր հաւանութիւնը` վերսկսելու նոր թափօններու մթերման յատկացուած վայրի գործունէութեան, աղբերը տեսակաւորելէ ետք ըստ ճշդուած պայմաններուն եւ չափանիշներուն, եւ այս` առժամաբար, ըստ մթերման նշեալ  վայրի աղբերու ընդունման տարողութեան: Քաղաքապետութիւնը որեւէ կապ չունի փողոցը կուտակուած հին աղբերուն հետ եւ կը մերժէ զանոնք ընդունիլ նորաստեղծ աղբանոցին մէջ:

Ինչպէս նաեւ` քաղաքապետութիւնը կը շեշտէ անհրաժեշտութիւնը լրջօրէն քննելու մօտիկ ապագային աղբերու հարցին գծով ապակեդրոնացեալ լուծման որդեգրումին, ինչպէս որ նշուած է նախարարաց խորհուրդի վերոնշեալ նիստի որոշումին մէջ:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

Նախորդը

«Անցնող Շաբաթներու Դասը Բաւարար Պէտք Է Ըլլայ, Որ Կառավարութեան Ծրագիրի Կասեցման Քայլեր Անգամ Մը Եւս Չառնուին» «Օ. Թի. Վի.»-ին Եւ «Նիւ. Թի. Վի.»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի

Յաջորդը

Մահացաւ Ողիմպիականի Փոխախոյեան Նելսոն Դաւիթեան

RelatedPosts

Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

February 9, 2026
Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.