Լիբանանեան

Զինեալ Բախումներ Տաուհաթ Արամունի Մօտ

Զինեալ Բախումներ Տաուհաթ Արամունի Մօտ

Երէկ երեկոյեան զինեալ բուռն բախումներ արձանագրուեցան Շուֆի Տաուհաթ Արամունի շրջանի բնակիչներուն եւ սուրիացի գաղթականներուն միջեւ: Բախումները, որոնք պատճառ դարձան երեք վիրաւորներու, շարունակուեցան մինչեւ բանակի միջամտութիւնը: Թէեւ բախումին պատճառները մնացին անորոշ, սակայն սկզբնական տեղեկութիւններուն համաձայն, անոնք հետեւանք են նախկին վէճերու:

Նախագահական Աթոռի  Թափուր Տարելիցին Առիթով.  Նախագահական Ընտրութեան Հարցը` Առանցքը Կազմեց Կողմերու Կոչերուն

Նախագահի Ընտրութեան Տագնապէն Անդին. Մտավախութիւններ` Երկրի Կառոյցին Եւ Անոր Գոյատեւման Ճակատագիրին Շուրջ

28 սեպտեմբերի զերօ ժամկէտին ընդառաջ լաւատեսութեամբ թէ յոռետեսութեամբ յատկանշուող մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները կը շարունակուին` մեկնելով կողմերու ցուցաբերած կեցուածքէն կամ անոնց քուլիսային կապակցութիւններուն մասին «սպրդած» տեղեկութիւններէն: Արդարեւ, կողմերէն իւրաքանչիւրը իր լաւատեսութիւնը կամ յոռետեսութիւնը կը հիմնաւորէ որոշ մտավախութիւններով, որոնք կը տարբերին ըստ իւրաքանչիւր կողմի գաղափարական թէ քաղաքական արեւելումին: Այսպէս, Ազգային ազատ հոսանքի համակիրները լաւատես են տեղի ունեցող քուլիսային խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ: Անոնք...

Գաղթականներու Յատուկ  Համագումարին Իր Խօսքին Մէջ.  Սալամ Ահազանգ Կը Հնչեցնէ. «Օգնեցէ՛Ք,  Լիբանան Անդունդի Եզրին Կը Գտնուի

Գաղթականներու Յատուկ Համագումարին Իր Խօսքին Մէջ. Սալամ Ահազանգ Կը Հնչեցնէ. «Օգնեցէ՛Ք, Լիբանան Անդունդի Եզրին Կը Գտնուի

«Օգնեցէ՛ք մեզի, Լիբանան անդունդի եզրին հասած է եւ անզօր է տոկալու», յայտարարեց վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ գաղթականներու յատուկ համագումարին արտասանած իր խօսքին մէջ: Վարչապետ Սալամ այս առիթով մանրամասն եւ հիմնաւորուած տուեալներով  համագումարի մասնակիցներուն  զեկուցեց սուրիացի գաղթականներու Լիբանան հոսքի պարզած իրավիճակն ու անոր հետեւանքները` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական թէ մարդկային դիտանկիւնէն: Այս գծով Սալամ...

Ատհայի Տօնին Համար Երրորդ Օրուան  Արձակուրդի Առաջարկին Գծով.  Ապու Սաապ. «Ազգային Տօները  Կառավարութիւնը Կը Վճռէ»

Պետական Կրթական Հաստատութիւններու Վերամուտը Յետաձգուած Է 26 Սեպտեմբերին

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ յայտարարեց, թէ պետական մարզի դպրոցներու եւ երկրորդական վարժարաններու կրթական տարեշրջանի վերամուտը յետաձգուած է 26 սեպտեմբեր 2016-ին: Այս դասաւորումը եղած է «առիթ տալու համար կրթական հանգիստ վերամուտի եւ իրենց քննութիւնները յաջողութեամբ անցուցած ուսուցիչներու դասաւորման համար պատշաճ դպրոցներու մէջ»:

28 Սեպտեմբերի Ժամկէտին Ուղղութեամբ Գործնական Նախաքայլերը Ընթացք Կ՛առնեն Վաղը

28 Սեպտեմբերի Ժամկէտին Ուղղութեամբ Գործնական Նախաքայլերը Ընթացք Կ՛առնեն Վաղը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ կը փորձէ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական կայունութեան ամրագրման ի խնդիր առաւելագոյն զօրակցութիւն ապահովել Նիւ Եորքի մէջ: Յառաջիկայ օրերուն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ անոր ծիրին մէջ գաղթականներու յատուկ համագումարի ընթացքին իր արտասանելիք խօսքի նախօրեակին, վարչապետը քուլիսային խորհրդակցութիւններու ձեռնարկած է Լիբանանի եւ շրջանի կացութեան առնչակից երկիրներու նախագահներուն եւ վարիչներուն հետ: Իսկ Լիբանանի մէջ վաղը` երեքշաբթի, Հըզպալլա - Մուսթաքպալ...

«Էմիր Շաքիպ Արսլան»  Մզկիթի Կառուցման Առիթով.  Ժոմպլաթ. «Իսլամը Համակեցութեան,  Հանդուրժողութեան Եւ Չափաւորութեան Կրօն Է»

«Էմիր Շաքիպ Արսլան» Մզկիթի Կառուցման Առիթով. Ժոմպլաթ. «Իսլամը Համակեցութեան, Հանդուրժողութեան Եւ Չափաւորութեան Կրօն Է»

Մուխթարայի մէջ Խազեն ընտանիքին յատուկ եկեղեցիի մը հիմնարկէքէն ամիս մը ետք, երէկ Մուխթարայի մէջ հիմը դրուեցաւ «Էմիր Շաքիպ Արսլան» մզկիթին` ի յիշատակ «Ժողովրդավարական ճակատ» պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մեծ հօր: Իր մօր` Մէյ Արսլանի մահուան երրորդ տարելիցին առիթով կառուցուած այս մզկիթի հիմարկէքին ներկայ էր նաեւ հանրապետութեան միւֆթի, շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, որ անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան նիստերու վերսկսումը` բոլոր նախարարներուն...

Լասա-Աքուրայի Կալուածային Բանավէճը Կը Շարունակուի

Լասա-Աքուրայի Կալուածային Բանավէճը Կը Շարունակուի

Մարտ 14-ի ուժերու ընդհանուր համակարգող, նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով քննադատեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի Աքուրայի կալուածներուն գծով տուած վերջին որոշումը: Սուէյտ պահանջեց յետս կոչել նշեալ որոշումը կամ զայն յստակացնող օրինագիծ մը հրապարակել: Ան ընդգծեց, որ նշեալ հողատարածքը երկու մասի բաժնուած է` էմիրական հողեր, որոնք պետութեան կը պատկանին եւ քաղաքապետական` գիւղերու եւ անոնց բնակիչներուն անունով,...

Հակառակ Մուսթաքպալի Հերքումին.  Հարիրի – Պասիլ Հանդիպումը Կայացա՛ծ Է Փարիզի Մէջ

Հակառակ Մուսթաքպալի Հերքումին. Հարիրի – Պասիլ Հանդիպումը Կայացա՛ծ Է Փարիզի Մէջ

Հակառակ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ մէկէ աւելի երեսփոխաններու հերքումին, իրազեկ աղբիւրներ շաբաթավերջին վերահաստատեցին, որ Փարիզի մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումը կայացած է Փարիզի մէջ: «Ժումհուրիա» թերթը, որ հաղորդեց լուրը, կ՛աւելցնէ, թէ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի Մաարապ այցելութեան լոյսին տակ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ դասաւորած է...

Ռիֆի. «Թրիփոլիի Պայթումներէն Մէկը Նպատակ Ունէր Զիս Ահաբեկել»

Ռիֆի. «Թրիփոլիի Պայթումներէն Մէկը Նպատակ Ունէր Զիս Ահաբեկել»

Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ձայնասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք եւ հանգուցեալ գնդապետ-զօրավար Ուիսամ Հասան մնայուն թիրախ էին ահաբեկչութեան, յատկապէս Միշել Սըմահայի ձերբակալութենէն ետք: Ռիֆի աւելցուց, որ ինք եւ Հասան թէեւ որդեգրած էին ապահովական պաշտպանական միջոցառումներ, այսուհանդերձ Հասան նահատակուեցաւ, «իսկ ես թիրախ էի, Թրիփոլիի զոյգ մզկիթներու պայթումներէն մէկուն»:

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց  Տասնեակ Մը Սուրիացիներ

Ժաաֆար Ընտանիքէն Երիտասարդ Մը Զոհ` Յանցագործներու Հետապնդման Ընթացքին

Հատի Մոհամետ Ժաաֆար երէկ զոհ գնաց «սխալ փամփուշտ»-ի, երբ բանակի գաղտնի սպասարկութեան տարրեր Հերմելի մէջ կը հետապնդէին ապահովութեան ուժերու կողմէ պահանջուող յանցագործներ: Դէպքին պատճառով լարուած մթնոլորտ տիրեց Հերմելի շրջանին մէջ, երբ զոհին ընտանեկան պարագաները զայրացած` սկսան «Ար. Փէ. Ժէ.»-ի հրթիռարձակումով հակադարձել:

Ամերիկեան Հետախուզական Օդանաւ` Լիբանանեան Եւ Սուրիական Ծովափին Վերեւ

Ամերիկեան Հետախուզական Օդանաւ` Լիբանանեան Եւ Սուրիական Ծովափին Վերեւ

Երեք շաբաթներու ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով, «Փի-8 Էյ» տիպի հետախուզական-լրտեսական ամերիկեան հսկայ օդանաւ մը երէկ սաւառնած է լիբանանեան եւ սուրիական ծովափի բացերուն վերեւ: «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը, որ հաղորդեց լուրը, իրազեկ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները աւելցուց, որ այս տիպի օդանաւեր կը գործածուին գործնական նպատակներու համար: Անոնք կրնան յատուկ սարքեր արձակել ջուրերուն մէջ` հետախուզական միտումով:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԶԱՀԼԷԻ Քսարա բոլորակին վրայ 31 օգոստոս 2016-ին պատահած ահաբեկչական պայթումին պատճառով վիրաւորուած` Աքքարի Մնիարա շրջանի ծնունդ 55-ամեայ Խալիտէ Շիտիաք երէկ մահացաւ: ԻՄԱՄ Եաարոպ Քանաան երէկ Տուպայէն Պէյրութ վերադարձին կարճ ատենով ձերբակալուեցաւ Պէյրութի օդակայանին մէջ: 23-ամեայ երիտասարդը թոռնիկն է Լիբանանի մէջ սուրիական ուժերու նախկին ներկայացուցիչ Ղազի Քանաանի: Յետ հարցաքննութեան, Քանաան ազատ արձակուեցաւ: ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան ուժեր երէկ երեկոյեան յաջողեցան մարել Մեթնի մայրուղիին...

Սպասելով 28 Սեպտեմբերի Ժամկէտին.  Քուլիսային Խորհրդակցութիւններն Ու Միաժամանակ  Լաւատեսութիւն Եւ Յոռետեսութիւն  Սփռող Շշուկները Թափ Կը Ստանան

Սպասելով 28 Սեպտեմբերի Ժամկէտին. Քուլիսային Խորհրդակցութիւններն Ու Միաժամանակ Լաւատեսութիւն Եւ Յոռետեսութիւն Սփռող Շշուկները Թափ Կը Ստանան

Երէկ երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամի Նիւ Եորք մեկնումով վճռուեցաւ սահմանադրական որոշումներու «տեղքայլ»-ը սպասելով սեպտեմբերի վերջաւորութեան անոր վերադարձին, երբ աունականներ առաջին ժամկէտ ճշդած են քաղաքական բարեկարգումներու իրենց պահանջներուն գծով: Սակայն Սալամի կողքին նախարարներ Ժըպրան Պասիլի, Էլիաս Ապու Սաապի եւ Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահի երկրէն մեկնումով պաշտօնական երկշաբաթեայ այս տեղքայլը «յղի» է «օրը նոր, շշուկը նոր» անակնկալներով: Արդարեւ, մէկէ աւելի հարցադրումներ...

Գաղթականներու Յատուկ  Համագումարի Նախօրեակին.  Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Իրավիճակին Վերաբերեալ Եւրոպական Խորհրդակցութիւններ Լիբանանի Մէջ

Գաղթականներու Յատուկ Համագումարի Նախօրեակին. Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Իրավիճակին Վերաբերեալ Եւրոպական Խորհրդակցութիւններ Լիբանանի Մէջ

  ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ շրջանի, յատկապէս Միջին Արեւելքի տագնապահար երկիրներու գաղթականներուն յատուկ համագումարի նախօրեակին Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւն մը անջատ այցելութիւններու ձեռնարկեց լիբանանեան տարբեր կողմերուն: Պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերանար Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, նախ եւ առաջ այցելեց Ռապիէ, ուր զօր. Միշել Աունի հետ խորհրդակցեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին շուրջ, յատկապէս` քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց եւ համակեցութեան դիտանկիւնէն: Այս առիթով պատուիրակութեան նախագահ,...

Քաղաքական Յոռետեսութեամբ.  Ուալիտ Ժոմպլաթ Վերահաստատեց Սուրիոյ Հակադիր Իր Կեցուածքը

Քաղաքական Յոռետեսութեամբ. Ուալիտ Ժոմպլաթ Վերահաստատեց Սուրիոյ Հակադիր Իր Կեցուածքը

«Իմ պայմաններուս կառչելով կը նախընտրեմ անձնասպան ըլլալ, քան Դամասկոս երթալ եւ ձեռնուիլ Պաշշար Ասատի հետ», յայտարարած է երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վերջերս ամերիկեան «Քառնեկի» հիմնարկին կազմակերպած քաղաքական ասուլիսին ընթացքին` նման քայլ մը նկատելով իր քաղաքական անձնասպանութիւնը: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ելեկտրոնային բանբեր «Անպա» կայքին համաձայն, Ժոմպլաթ «Քառնեկի» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած նշեալ ձեռնարկին ընթացքին անհաւանական նկատած է նախագահի մօտալուտ ընտրութիւնը: Ժոմպլաթ վերահաստատած է...

Վերամուտի Սեմին Ընկերային  Ու Տնտեսական Պահանջները Կը Սաստկանան

Վերամուտի Սեմին Ընկերային Ու Տնտեսական Պահանջները Կը Սաստկանան

Ընկերային բարեկարգումներու ջատագով քաղաքացիական զանազան շարժումներու եւ սենտիքաներու ներկայացուցիչներ երէկ ցոյց մը կազմակերպեցին` կառավարութենէն պահանջելով վերատեսութեան ենթարկել անցնող 30 յունիսին տրուած որոշումը, ըստ որուն, աշխատաւորներու օրական աշխատավարձը 30-էն 26 լիբ. ոսկիի նուազած էր: Անոնք խոստացան մագլցողական տարբեր քայլերու դիմել` իրենց պահանջի անտեսման պարագային: Նոյն ծիրին մէջ, տնտեսական զանազան մարմիններ որոշած են 29 սեպտեմբերին խաղաղ ցոյցի դիմել, պետական պատկան կողմերուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Իր Շարքերէն  Հեռացուց Նախարար Սըժաան Քազզին

Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով` Նախարար Քազզի Պիտի Մանրամասնէ Սուրիացի Գաղթականներու Տունդարձի Ծրագիրը

«Լիբանան այլեւս անզօր է յաւելեալ գաղթականներ ընդունելու», յայտարարեց աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի երէկ` Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի հետ իր ունեցած տեսակցութեան ընթացքին: Քազզի մաղթեց, որ Եւրոպական Միութիւնը նաեւ ջանայ սուրիացի գաղթականներու տունդարձին գծով աշխատիլ եւ չսահմանափակել իր գործունէութիւնը միայն նիւթական օժանդակութեամբ: Միւս կողմէ, նախարար Քազզի յառաջիկայ երկուշաբթի մամլոյ ասուլիս մը տալով պիտի մանրամասնէ սուրիացի գաղթականներու տունդարձի ծրագիրը:

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութիւնը

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութիւնը

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամի: Պատուիրակութեան նախագահ շուէտացի Լարս Ատաքթոսըն այս առիթով Իպրահիմի հետ քննեց շրջանի ու Լիբանանի ապահովութեան իրավիճակը: Խորհրդակցութիւնները նաեւ ընդգրկեցին Լիբանանի ապահովութեան ուժերու վերաբերմունքի փորձառութիւնը գաղթականներու հարցին գծով: Նաեւ քննարկուեցաւ ահաբեկչութեան դիմակալման եւ գաղթականներու հարցերով Եւրոպական Միութեան օժանդակութեան կարելիութիւնը:

Ատհայի Տօնին Առիթով.  Նախագահ Օպամա Եւ Նախարար Ճոն Քերրի Պատասխան Նամակ Յղած Են Նեպիհ Պըրրիի

Ատհայի Տօնին Առիթով. Նախագահ Օպամա Եւ Նախարար Ճոն Քերրի Պատասխան Նամակ Յղած Են Նեպիհ Պըրրիի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի անջատ հեռագիրներ յղած են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` առ ի պատասխան վերջինին իրենց յղած շնորհաւորական հեռագիրներուն, Ատհայի տօնին առիթով:  

Շէյխ Նեպիլ Քաուք Քննադատեց Լիբանանի Նկատմամբ Սէուտական Կեցուածքը

Շէյխ Նեպիլ Քաուք «Սէուտական Արաբիա կ՛արգելակէ Լիբանանի քաղաքական երթին հեզասահ ընթացքը», յայտարարեց Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի պատասխանատու շէյխ Նեպիլ Քաուք երէկ` բուռն կերպով քննադատելով Լիբանանի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ ցուցաբերած կեցուածքը: Քաուք աւելցուց, որ սէուտական իշխանութիւնները վեթօ դրած են ազգային եւ ժողովրդային մեծ ժողովրդականութիւն ու զօրակցութիւն վայելող նախագահական թեկնածու զօր. Միշել Աունի դէմ:

Page 799 of 986 1 … 798 799 800 … 986

Արխիւներ