Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Թնճուկին Գծով. Խոչընդոտները Կը Հարթուին Քայլ Առ Քայլ

October 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ անոր որ խորհրդարանի նախագահական ընտրութեան նիստը ամսուան մը հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, այսուհանդերձ ճիգերը կը շարունակուին «երէկուան հակադիր, այսօրուան դաշնակից» տարբեր կողմերուն միջեւ` քուլիսային թէ բացայայտ հանդիպումներով:

Հարիրի – Աուն Հանդիպումը Եւ Անոր Առթած Լաւատեսութիւնը

aoun-hariri-2_93016

Երկիրը իր քաղաքական, յատկապէս` նախագահական ընտրութեան թղթածրարի «սառած ու լճացած» վիճակէն դուրս բերելու միտող նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ճիգերը երէկ շարունակուեցան` իրենց «գագաթնակէտին» հասնելով երեկոյեան Ռապիէի մէջ: «Հանդիպումը աւելի քան դրական եղած է», հաղորդեց «Մանար» կայանը:

Հարիրի Աուն հանդիպումի աւարտին, որուն ներկայ էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ (նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Նատեր Հարիրիի կողքին), Հարիրի Ռապիէէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Աւելի ուշ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բանբեր «Սաութ Մատա» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկու ժամ տեւած հանդիպումի մթնոլորտը դրական էր եւ թէ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին երկու կողմերուն միջեւ:

Միւս կողմէ, իրազեկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ռապիէի եւ Այն Թինէի միջեւ տարակարծութիւնները արգելք չեն, որ անոնց միջեւ կապերը խզուին:

Արդարեւ, իրազեկ` տիրող քաղաքական տարակարծութեանց, Հարիրի կը փորձէ քայլ առ քայլ հարթել նախագահական ընտրութեան թնճուկի լուծման առջեւ ցցուող խոչընդոտները: Փաստօրէն, անցնող օրերուն երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլէն, նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլէն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն ետք, երէկ Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահին տուած Հարիրիի այցելութիւնը կու գայ որոշ լաւատեսութիւն եւ խանդավառութիւն սփռելու այս թղթածրարի փակման առնչութեամբ:

Եւ իրապէս, հանդիպումի աւարտին Ժահժահ Հարիրիի այս խորհրդակցութիւնները որակեց իբրեւ նախագահական թղթածրարի փակման սկզբնաւորութիւն: Ժահժահ չծածկեց իր լաւատեսութիւնը` նշելով, որ այս անգամ «նախորդներէն աւելի արդիւնաւէտ ու դրական էր հանդիպումը»: Աւելի՛ն, Ժահժահ վերահաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը շարունակէ իր զօրակցութիւնը Աունի թեկնածութեան: «Տարակարծութիւններու ճեղքը հետզհետէ կը նեղնայ մեր եւ Հարիրիին միջեւ», ընդգծեց Ժահժահ` միաժամանակ դիտել տալով, որ «Պըրրիի կարծր կեցուածքը, Հըզպալլայէն կը քաջալերուի, քանի որ Հըզպալլա նախագահ չ՛ուզեր, եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի պարզուի ասիկա` Հարիրիի ունեցած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ»:

Ժահժահի կարծիքով, Հարիրի իր վերջնական տեսակէտը պարզելու համար որոշ ժամանակ պիտի առնէ: Այլ խօսքով, նախագահական հարցին վերաբերեալ արդիւնքները կրնան որոշ ժամանակով ուշանալ:

«Մանար» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ «Ռապիէի հանդիպումը այս անգամ տարբեր է»:

Նախագահական թղթածրարը «յառաջ մղող» դրական քայլ մըն էր նաեւ երէկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի հանդիպումը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, անոր կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ:

Քաակ երէկ նոյն կապակցութեամբ տեսակցեցաւ նաեւ Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու` Ամմար Մուսաուիի հետ:

Իր կարգին, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ «մօտ ատենէն Աունը նախագահ կը տեսնենք, եթէ Սէուտական Արաբիա վերջին պահուն կարմիր քարտ չպարզէ»:

Նաեւ` Վերապահութիւն

Հակառակ Հարիրիի խորհրդակցութիւններուն ստեղծած լաւատեսութեան մթնոլորտին, որոշ կողմեր տակաւին կառչած կը մնան իրենց վերապահութեան, նոյնիսկ յոռետես կեցուածքին:

Մուսթաքպալ պլոքի անդամ, նախկին նախարար, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ վերահաստատեց, որ Հարիրի չէ յայտարարած Աունի թեկնածութիւնը` ընդգծելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ տակաւին կը մնայ Մուսթաքպալի թեկնածուն:

Իսկ մեկնաբան Սալեմ Զահրան պատկերասփռուած յայտարարութեամբ յայտնեց, որ ներկայիս նախագահի ընտրութիւն չկայ, եւ այս հարցին լուծումը տակաւին երկար ժամանակի կը կարօտի:

Լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան իր լուրերու հաղորդման ընթացքին դիւանագիտական աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները հաղորդեց, որ «միջազգային ուժեր խանդավառ չեն Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան հարցին լուծումով»:

Իսկ «Տիար» օրաթերթի մեկնաբաններէն Սոնիա Ռըզքի կարծիքով` «նախագահ չկայ ներկայիս, ո՛չ Աուն, ո՛չ Ֆրենժիէ, եթէ ըլլայ իսկ, երրորդ թեկնածու մը պիտի ըլլայ, որ համախոհական պէտք է ըլլայ»:

 

Նախորդը

«Լիթանիի Պահպանման Ազգային Օր»-ը Հռչակելով. Վարչապետ Սալամ Նախագահի Ընտրութիւնը Նախաքայլ Նկատեց Խախտումի Վերացման

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.