
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց կեդրոնական Պեքաայի Թարշիշ, Ռիաք եւ մերձակայ շրջանները: Ինչպէս Թրիփոլիի մէջ, այստեղ եւս ան դիմաւորուեցաւ տեղացիներու ջերմ ու խանդավառ հիւրընկալութեամբ, որ յատկանշուեցաւ լիբանանեան հիւրասիրութեան աւանդական սովորութիւններէն ոչխարներու զենումով:
Ապպաս Իպրահիմ տեսակցեցաւ առեւանգուած եւ աւելի ուշ ազատագրուած բանակայիններէն Մոհամետ Թալեպի հետ: Այս առիթով ան աւելի քան տարիէ մը ի վեր ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած լիբանանցի զինուորականներու ընտանեկան պարագաներու հարցուփորձերուն անդրադառնալով յայտնեց, որ «ցարդ հաստատ ցուցանիշ չկայ անոնց ճակատագիրին մասին, թէ անոնք ո՞ղջ են տակաւին: Իպրահիմ յայտնեց, որ ներկայիս ճիգերը կեդրոնացած են «նոր եւ լուրջ միջնորդի մը փնտռտուքին վրայ»:
Ան աւելցուց, որ անցեալին շատ խոստումներ եղան զինուորականներուն մասին լուր տալու առնչութեամբ, բայց ցարդ բան չկայ: Ան նաեւ խոստացաւ Ռիաքի մէջ ապահովութեան կեդրոն հիմնել:


