Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անջատ Բանավէճերու Մթնոլորտին Մէջ. Քաղաքական Սպասողական Վիճակ` Ներքին Եւ Արտաքին Լուծման Ճիգերու

Հոկտեմբեր 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական թափուր աթոռի երկարատեւ «օրօրումէն» ետք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մագոգային հանդիպումները լիբանանեան թէ արտաքին կողմերուն միջեւ որոշ խանդավառութիւն ստեղծած էին նախագահական թնճուկի մօտալուտ լուծման գծով:

Այս գծով քաղաքական մեկնաբան Նեպիհ Պըրժի ձայնասփռուած յայտարարութեամբ յայտնեց, որ Հարիրի նախագահական թղթածրարի լուծման երեք չորրորդ ուղին «կտրած» է, եւ աջէն ու ձախէն արձակուող հակասական տեսակէտները պարզապէս ժամանակի վատնում են` հասնելու համար 31 հոկտեմբերի նախագահական նիստի ժամկէտին:

berri_patriarch-rai_100316

Սակայն Աուն-Պըրրի բանավէճէն ետք Ռայի-Պըրրի բանավէճը շաբաթավերջին, վերստին խառնեց քաղաքական խաղաքարտերը, տողերու ընդմէջէն փոխանցելով  այն պատգամը, թէ նախագահական թղթածրարի «այս խմորը տակաւին շատ ջուր կը վերցնէ»…

Խորքին մէջ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին «պոռթկումը» երէկ, երկար համբերութենէ ետք կու գայ դրսեւորելու լիբանանեան կարեւոր հատուածի մը լռելեայն ընդվզումը` յետթաէֆեան քաղաքական փուլին վերաբերեալ, որ յատկանշուեցաւ, ըստ այս հատուածին, նախագահի լիազօրութիւններուն աստիճանական տկարացումով: Հոսկէ` այդ հատուածի մէկէ աւելի պահանջը` լիբանանեան 17-ամեայ պատերազմին վերջ տուած 1989-ի Թաէֆի համաձայնագիրի վերանայման, յատկապէս` քրիստոնեաներու քաղաքական իրաւունքներու նսեմացման ու արաբական աշխարհի միակ քրիստոնեայ նախագահի լիազօրութեանց տկարացման սրբագրութեան առնչութեամբ: Ա՛յս իմաստով պէտք է ըմբռնել կարգ մը ղեկավարներու այն յայտարարութիւնները, թէ Ռայի պատրիարքին կեցուածքը «եկաւ նախագահական թղթածրարի լուծման երթին սլաքը վերահաստատելու իր ճի՛շդ ուղիին մէջ»:

boutros-harb_patriarch-rai_100316

harb-berri_100316Մինչ այդ, «խաղաղարար» միջնորդներ փութացին իրենց մագոգային այցելութիւններով հարթել Ռայի պատրիարքին եւ խորհրդարանի նախագահին միջեւ ծայր առած բանավէճը` զգուշացնելով, որ երկիրը կը գտնուի անդունդի եզրին, հետեւաբար կարիք չկայ նման հարցերու յարուցման: Այս առումով ուշագրաւ էին հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի եւ նախկին երեսփոխան Ֆերիտ Հայքալ Խազենի մագոգային հանդիպումները Պքերքէի եւ Այն Թինէի միջեւ: Խազենի կարծիքով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած «ամբողջական ծրար»-ը չի տկարացներ նախագահին լիազօրութիւնները, այլ անիկա ճամբան կը հարթէ յետընտրութեան փուլի հեզասահ իշխանութեան հաստատման: Նոյն ծիրին մէջ, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի կոչ ուղղեց անյապաղ գործադրելու նախագահական ընտրութեան դիւրացման նախաքայլերը` զգուշացնելով, որ «երկիրը աւելի երկար չի կրնար տոկալ այս կացութեան հետեւանքներուն»: Ըստ Քազզիի, առաւելաբար այդ հետեւանքները կը հարուածեն երկրին տնտեսութիւնը` ջլատելով լուծման որեւէ նախաձեռնութիւն:

Այսուհանդերձ, հայեացքները սեւեռուած են տեղական գլխաւոր երկու ուղղութեամբ: Արդարեւ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, խիստ հաւանական է, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում պլոքի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն այսօր երեկոյեան ելոյթ ունենայ եւ իր կեցուածքը վճռէ քաղաքական իրավիճակին եւ աունական «նարնջականներու» մագլցումի քայլերուն վերաբերեալ, որոնց սաստկացման ժամկէտ յայտարարուած է 13 հոկտեմբերի փորձաքարը:

Նմանապէս, նոյնքան կարեւոր կեցուածք կը սպասուի Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ամսական հերթական ժողովէն, ուր Ռայի պատրիարքին այսօրուան պատգամը պիտի փոխանցուի պաշտօնական հաղորդագրութեամբ:

Նաեւ` Արտաքին Ճակատի Վրայ

Տեղական քաղաքական այս բանավէճի լարուած մթնոլորտին լոյսին տակ, կարգ մը իրազեկ աղբիւրներ կը խորհին, որ նախագահական թնճուկին լուծումը առկախուած է Աուն-Պըրրի բանավէճէն անդին այլ տեղ` արտաքին արգելքի մը մօտ: Ըստ ոմանց, այդ արգելքը կը կայանայ զօր. Միշել Աունի նախագահական թեկնածութեան դէմ սէուտական վեթոյին մէջ: Ըստ այլ մեկնաբաններու, «Իրան եւ Մոսկուա` յանձին Հըզպալլայի, արուեստական պատրուակներով ժամավաճառութեամբ կը ձգձգեն այս թղթածրարին լուծումը»: Հոսկէ` կարեւորութիւնը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտաքին խորհրդակցութիւններուն, զորս ան կ՛ունենայ Մոսկուայի մէջ թէ այլուր:

Դաշտը Բաց Է  Ընկերային-Տնտեսական Բողոքներուն

apple-farmers_92616

Քաղաքական եւ սահմանադրական կարեւորագոյն կառոյցներու աշխատանքի տեղքայլի լոյսին տակ, սկսելով նախագահական թափուր աթոռէն մինչեւ առկախուած ազգային երկխօսութեան եւ կառավարական նիստերը , որոնց վերաշխուժացման գծով օրը-օրին պահանջներն ու պայմանները կը ճիւղաւորուին, քաղաքացիներու ապրուստի հոգերը կը կուտակուին` տեղի տալով ընդվզումի զանազան ելոյթներու: Փաստօրէն խնձորի ցանքի երկրագործները սպառնացին խնձորի փոխարէն թմրեցուցիչ ցանել` փոխարինելու համար խնձորի բերքին «ամուլ եկամուտը»: Նմանապէս, երթեւեկի մարզի վարորդներուն ցոյցերը պիտի վերսկսին հինգշաբթի, լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ, քաղաքացիները իրենց ինքնաշարժներուն մէջ արգելափակելով առանց այդ ալ օրական 24 ժամուան յարաճուն  խճողումով  յատկանշուող ճամբաներուն մէջ: Կրթական մարզը նոյնպէս իր պահանջներու դրօշը կը պարզէ իւրաքանչիւր պատեհ առիթին:

Վերամուտի սեմին քաղաքացիք միայն հրաշքներ կը սպասեն` այս անել կացութենէն դուրս գալու բարեյաջող ելքերու համար:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Հալէպի Կացութեան

Յաջորդը

Մարզական Ծիծաղ…Ծիծաղ…

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?