Լիբանանեան

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը  Այսօր Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Պէյրութ

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Պէյրութ

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլոնի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Ճենթիլոնի պիտի մասնակցի նաեւ Պէյրութի Ազգային թանգարանի ստորգետնեայ յարկի բացման արարողութեան` նկատի ունենալով, որ այդ ծրագիրը կարելի եղած է յաջողցնել Իտալիոյ օժանդակութեամբ:  

Հաշեմ. «Այն Թինէի Եւ Պքերքէի Միջեւ  Արձանագրուած Տարակարծութիւններու  Էջը Փակուած Է»

Հաշեմ. «Այն Թինէի Եւ Պքերքէի Միջեւ Արձանագրուած Տարակարծութիւններու Էջը Փակուած Է»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցով ոչ մէկ անգամ եղած է խոչընդոտող կամ լուծումները դժուարացնող: «Այն ինչ որ կը խօսուի այս մասին` ճիշդ չէ, որովհետեւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական ժամկէտը աւարտելէն ետք մինչեւ օրս Պըրրիի դերակատարութիւնը եղած է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան նախագահեց իր կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղուեցաւ երկրին քաղաքական վարչակարգը վերանորոգելու համար հիմնադիր խորհրդաժողով մը կազմակերպելու: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարուի լիբանանեան որոշումով: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ Այն Թինէի եւ Պքերքէի միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Կոչ Կ՛ուղղէ Առանց Նախապայմանի  Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Առանց Նախապայմանի Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստին ընթացքին խորհուրդը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ այդ քննարկումներուն լոյսին տակ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ վերահաստատեց անցեալ կիրակի օրուան Ռայի պատրիարքին արտասանած քարոզին բովանդակութեան իր կառչածութիւնը, յատկապէս սահմանադրութենէն եւ անոր սկզբունքներէն անշեղ մնալու առումով: Խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ առանց նախապայմանի նախագահական ընտրութիւն...

«Նախագահական Ընտրութիւնը Դրական  Հարուած Մըն Է, Որ Կրնայ  Կասեցնել Տնտեսական Տագնապը»   Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Նախագահական Ընտրութիւնը Դրական Հարուած Մըն Է, Որ Կրնայ Կասեցնել Տնտեսական Տագնապը» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամի հովանաւորութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ սկիզբը յայտարարուեցաւ «Լիբանանի ուղին դէպի բարգաւաճ պետութիւն» արշաւին: Այս առիթով վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան ազգային կողմնացոյցէ զուրկ  է` աւելցնելով, որ Լիբանան իր պատմութեան ամէնէն ծանր օրերը կ՛ապրի, իսկ անոր դիմագրաւած տագնապը կարիքը ունի անմիջական լուծման: Վարչապետ Սալամ նշեց, որ ինչ ալ ըլլան երազներն ու փափաքները, կարելի պիտի չըլլայ Լիբանանը բարգաւաճեցնել, որովհետեւ մեր...

Պըրրի Կը Զօրակցի Մարոնի  Եպիսկոպոսներու  Խորհուրդին Հաղորդագրութեան

Պըրրի Կը Զօրակցի Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին Հաղորդագրութեան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ ինք կը զօրակցի Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հաղորդագրութեան, որ իր բոլոր կէտերով չի հակադրուիր Ազգային երկխօսութեան, այլ խօսքով` փաթեթային ծրագիրին: Հանդիպումէն ետք երեսփոխանները յայտնեցին, որ այդ առիթով Պըրրի ներկաները հիւրասիրած է «Քաաք Ապպաս»-ով: «Քաաք Ապպաս»-ը կրկնեփի տեսակ մըն է, որ կը հիւրասիրեն Աշուրայի ընթացքին, եւ...

Մեհրապի Մէջ .  «Ամէն Իմաստով Պէտք Է  Նպաստել Նախագահական  Ընտրութեան Հարիրիի  Նախաձեռնութեան Յաջողութեան»  Շեշտեց Քանաան

Մեհրապի Մէջ . «Ամէն Իմաստով Պէտք Է Նպաստել Նախագահական Ընտրութեան Հարիրիի Նախաձեռնութեան Յաջողութեան» Շեշտեց Քանաան

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք Քանաան շեշտեց, որ իրենց եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կարծիքով` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը դրական է եւ ամէն իմաստով պէտք...

Բանակը Զէնքեր Գրաւեց  Թուրքիայէն Թրիփոլի Հասած Նաւէն

Բանակը Զէնքեր Գրաւեց Թուրքիայէն Թրիփոլի Հասած Նաւէն

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ գիշեր զէնքեր գրաւեց Թուրքիայէն Թրիփոլիի նաւահանգիստ հասած նաւէն: Նաւը խուզարկելու պահուն գաղտնի սպասարկութեան զինուորները նշմարած էին բեռնատար մը, որուն մէջ կը գտնուէր մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը բեռնատարին տիրոջ հետ անմիջապէս հետաքննութիւն բացաւ այս դէպքին շուրջ:  

Պասիլ Քրենպուլի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Մէջ Ուներուա-Ի Աշխատանքները

Պասիլ Քրենպուլի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Ուներուա-Ի Աշխատանքները

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Փիեռ Քրենպուլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի աշխատանքներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումին ընթացքին Քրենպուլ հաստատեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ գործակցութեան եւ երկխօսութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ իրենք պիտի շարունակեն աշխատիլ Միջին Արեւելքի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու հարցերուն լուծման համար: Այս շրջագիծին մէջ Քրենպուլ նշեց, որ...

«Առանց Դիմադրութեան Կարելի  Պիտի Չըլլար Հաւատադրժողական  Զինեալները Լիբանանէն Հեռացնել»  Շեշտեց Շէյխ Նայիմ Քասեմ

«Առանց Դիմադրութեան Կարելի Պիտի Չըլլար Հաւատադրժողական Զինեալները Լիբանանէն Հեռացնել» Շեշտեց Շէյխ Նայիմ Քասեմ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ Աշուրայի սուգի երեկոյեան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Լիբանան կը գտնուի ամբողջ շրջանը տագնապեցնող հսկայ ճգնաժամին սրտին մէջ` աւելցնելով, որ եթէ շրջանի բոլոր երկիրներուն դիմագրաւած տագնապներուն դրդապատճառները փնտռելու ըլլանք, ապա պիտի գտնենք, թէ անոնք ամերիկեան են եւ կամ անոնց ետին Միացեալ Նահանգները կը գտնուին: Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները իրենց այս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի կոչ ուղղեց Պքերքէի մէջ սրտերու լուացում կատարելու մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց նախարարաց խորհուրդի արտակարգ նիստ մը գումարելու: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծումը Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի: ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ նախագահական թափուր աթոռին պատասխանատուն Հըզպալլան է:...

Զօր. Աուն. «Հարիրիի Հետ Համաձայնութիւն  Կրնայ Գոյանալ Նախքան Ամսուն Վերջը  Կայանալիք Նախագահական Ընտրութեան Նիստը»

Զօր. Աուն. «Հարիրիի Հետ Համաձայնութիւն Կրնայ Գոյանալ Նախքան Ամսուն Վերջը Կայանալիք Նախագահական Ընտրութեան Նիստը»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց, թէ իր եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ քաղաքական տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: Զօր. Աուն նշեց, որ այդ մասին ինք տեղեկացած է լիբանանեան մամուլէն եւ լրատուամիջոցներէն: Անդրադառնալով Թաէֆի համաձայնագիրին` զօր. Աուն նշեց, որ ինք Թաէֆի դէմ չէ եղած` աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրը բոլորին վկայութեամբ ճշգրիտ կերպով...

Սաատ Հարիրի Լաւրովի Հետ Քննարկեց  Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Սաատ Հարիրի Լաւրովի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք Լաւրով շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող լարուածութեան մեղմացումը շատ աւելի դիւրին է, քան Սուրիոյ տագնապին լուծումը: Ան աւելցուց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համաձայնութեան նպատակը եղած է հանդարտ եւ...

Պքերքէի Մէջ .  Պասիլ Եւ Ժահժահ Կը Մերժեն Նախագահական  Ընտրութեան Առիթով  Առաջարկուած Փաթեթային Ծրագիրը

Պքերքէի Մէջ . Պասիլ Եւ Ժահժահ Կը Մերժեն Նախագահական Ընտրութեան Առիթով Առաջարկուած Փաթեթային Ծրագիրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն նախագահական ընտրութեան առումով պարտադրուելիք որեւէ նախապայման, նոյնիսկ եթէ ան հրամցուած ըլլայ նախագահական ընտրութեան փաթեթային ծրագիրի կամ ընտրական օրէնքի պիտակին տակ: «Անկարելի է,...

Վարչապետարանին Մէջ.  «Անկարելի Է Քաղաքացին Լքել Եւ Անոր  Դիմագրաւած Հարցերը Չլուծել»  Շեշտեց Հարպ

Վարչապետարանին Մէջ. «Անկարելի Է Քաղաքացին Լքել Եւ Անոր Դիմագրաւած Հարցերը Չլուծել» Շեշտեց Հարպ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Հարպ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամին փոխանցած է Ապու Տապիի մէջ հաղորդակցութեան միջոցներու արաբ նախարարներուն գումարած խորհրդաժողովին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դերակատարութիւնը: Հարպ վերահաստատեց, որ եթէ կառավարութիւնը պիտի չգործէ, ապա անիկա պէտք է հրաժարի, որովհետեւ լուռ մնալը համազօր...

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ.  ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ  Կ՛արձանագրուին Բախումներ, Իսկ  Բանակը Կը Ռմբակոծէ Զինեալներուն Դիրքերը

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ. ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ Կ՛արձանագրուին Բախումներ, Իսկ Բանակը Կը Ռմբակոծէ Զինեալներուն Դիրքերը

Երէկ առաւօտեան ժամերէն մինչեւ գիշեր լիբանանեան բանակը ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն դիրքերը: Միւս կողմէ, սակայն, Աժրամի, Տըպի եւ Խէյլի հովիտներուն մէջ արձանագրուեցան բախումներ` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն միջեւ: Բախումներուն աւարտին Շիր շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրա գրաւեց ՏԱՀԵՇ-ի անցարգել մը. երկու կողմերուն մօտ արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:  

Մաշնուք Անմիջական Օժանդակութիւն  Կը Պահանջէ` Լուծումներ Գտնելու Համար  Սուրիացիներու Գաղթին Հետեւանքներուն

Մաշնուք Անմիջական Օժանդակութիւն Կը Պահանջէ` Լուծումներ Գտնելու Համար Սուրիացիներու Գաղթին Հետեւանքներուն

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ընդունեց գաղթականութեան հարցերով ՄԱԿ-ի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերարը, որուն ընկերակցեցաւ պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներքին գործոց նախարարութեան եւ գաղթականութեան հարցերով ՄԱԿ-ի գերագոյն մարմինի կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը` լուծելու համար սուրիացի գաղթականներուն դիմագրաւած հարցերը: Այս շրջագիծին մէջ Մաշնուք պահանջեց ամէն ջանք ի գործ դնել` լուծումներ գտնելու համար Լիբանանի մէջ սուրիացիներու գաղթին...

Ռուսիոյ Եւ Եգիպտոսի  Դեսպանները` Ֆրենժիէի Մօտ

Ռուսիոյ Եւ Եգիպտոսի Դեսպանները` Ֆրենժիէի Մօտ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները: Ֆրենժիէի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի: Հանդիպումէն ետք Նաժարի յայտնեց, որ Գահիրէ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի սահմանադրական եւ ապահովական կայունութեան: Ան ընդգծեց, որ Եգիպտոս կը մաղթէ, որ ամէնէն արագ միջոցին վերջ մը տրուի...

Քաակ Աւարտեց Իրան Կատարած  Իր Այցելութիւնը

Քաակ Աւարտեց Իրան Կատարած Իր Այցելութիւնը

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ աւարտեց Իրան կատարած իր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան իրանցի պատասխանատուներուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քաակի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ անոր Թեհրան այցելութիւնը մաս կը կազմէ այն խորհրդակցութիւններուն, որոնք կը կատարուին շրջանային եւ միջազգային մարմիններու հետ` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով: Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր սկսած քաղաքական շրջապտոյտը աւարտելէ ետք է, որ նախագահական ընտրութեան առումով որոշում պիտի տայ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը բոլորէն պահանջած է նախագահական ընտրութեան վերաբերող խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցած փաթեթային առաջարկին առումով ոչ ոքի հետ վիճաբանութիւն ունենալ: ՅՈՅՆ ուղղափառ...

Page 795 of 986 1 … 794 795 796 … 986

Արխիւներ