Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան 46-րդ Նիստին Ընդառաջ. Ճիգերը Կը Շարունակուին Ներքին Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

Սեպտեմբեր 30, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

29-09-16-hariri-berri

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահական ընտրութեան «թնճուկ»-ի լուծման քաղաքական ճիգերուն մէջ իր ներդրումին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, ներկայութեամբ` ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի:

Հարիրիի խորհրդակցութիւնները, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այս շաբաթավերջ, պիտի ընդգրկեն նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահը, որ նոր վերադարձած է Պէյրութ` արտասահմանեան իր արձակուրդէն: Մեկնաբաններ հաւանական նկատեցին նաեւ Հարիրի – Աուն հանդիպում մը, նախքան այս շաբաթավերջը:

Յաջորդ շաբաթասկիզբին Սաատ Հարիրի պիտի մեկնի Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ ապա Ռուսիա: Այդ երկիրներուն մէջ խորհրդակցութեանց մեծ մասը պիտի ընդգրկէ նաեւ նախագահական թղթածրարը:

Իր կարգին, զօրավար Միշել Աուն կը շարունակէ իր քուլիսային խորհրդակցութիւնները` պատուիրակներ «առաքելով» ներքին թէ արտաքին առնչակից կողմերու, ինչպէս` երեսփոխաններ Ալեն Աունի եւ Սիմոն Ապի Ռամիայի տեսակցութիւնները արտասահմանի մէջ: Անոնց նորագոյն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Պերթոլոնի հետ:

Իրազեկ վերլուծաբաններու համաձայն, Աուն «մրցումի մէջ է» ժամանակին հետ: Ան մէկ շաբաթ ունի իր թեկնածութիւնը իրագործելու, այլապէս անոր ճիգերը ամուլ կրնան մնալ: Առ այդ, հանրային կարծիքին եւ յատկապէս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համախոհներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ռապիէի վրայ:

Նոյն ծիրին մէջ, քուլիսային սերտ ճիգեր կը տանին նաեւ առնչակից տեղական «բանալի» դէմքեր, ինչպէս` երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որուն պատուիրակը մագոգային արագաշարժ քայլերով կը շրջի «բանալի» այլ դէմքերու միջեւ:

Փոխադարձաբար, նախագահական «հակադիր» թեկնածու, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կը շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները: Այս իմաստով իմացուեցաւ, թէ ան մօտերս «շրջապտոյտի մը» պիտի ձեռնարկէ տեղական «բանալի» անձնաւորութիւններու մօտ` վճռելու համար իր թեկնածութեան առնչութեամբ անոնց կեցուածքները:

Հըզպալլայի ղեկավարները նմանապէս հեռու չեն տարուող ճիգերէն եւ տեղեակ են բոլոր մանրամասնութիւններէն: Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Նատեր Հարիրի մօտիկ անցեալին տեսակցած է նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալին հետ, այս հարցով:

Նաեւ` Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

Արտաքին ճակատի վրայ եւս քննարկման սեղանի վրայ օրակարգի նիւթ է Լիբանանի նախագահական թղթածրարը, հակառակ այս առնչութեամբ հրապարակուող հակասական տեղեկութեանց:

Փաստօրէն, հաւաստի եւ իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, շրջանի բռնկած կացութեան գծով իրանեան եւ ամերիկեան քուլիսային խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ արծարծուած է նաեւ լիբանանեան նախագահական ընտրութեան հարցը…

Այս բոլորին լոյսին տակ կ՛ակնկալուի, որ ցարդ «կարծր» կեցուածք ցուցաբերող տեղական կողմեր (Պըրրի, Ժոմպլաթ…) մեղմացնեն իրենց կեցուածքը եւ ընդառաջեն զօր. Աունի ընտրանքին, «դուրսէն» սփռուելիք կանաչ լոյսին տակ:

Նախորդը

Նախարար Նուհատ Մաշնուք Ընդունեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին

Յաջորդը

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?