Այսօր յետմիջօրէին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ հոգեւոր յատուկ հաւաք պիտի կազմակերպուի Աշուրայի սգատօնին առիթով:
Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա այս առիթով կրնայ յատուկ պատգամ մը ուղղել հաւատացեալներուն: