
«Քաղաքական կայունութիւնը խախտող խոչընդոտներու սրբագրութիւնը եւ հարթումը կը սկսի նախագահական ընտրութեան իրագործումով», յայտարարեց վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ, «Լիթանի` կենսատու բազկերակ» կարգախօսով ի նպաստ Լիթանի գետին կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին:
«Կառավարութիւնը դարձած է աղբիւր մը, ուր կը հոսին բոլոր խոչընդոտները», փոխաբերական համեմատութիւն կատարելով ըսաւ վարչապետ Սալամ` կոչ ուղղելով պատկան կողմերուն տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան, հեռու` հատուածականութենէ եւ նեղ շահերէ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցած «Լիթանիի աւազանի պահպանման ազգային օր»-ուան հռչակման առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, վարչապետ Սալամ յայտարարեց. «Լիթանիի աւազանին մօտ աղէտաբեր կացութեան դիմաց պէտք է զօրաշարժի դիմել»:


