Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի պատկան մարմինները գումարած են միացեալ ժողով մը` քննելով երկրի, յատկապէս Պէյրութի հարաւային արուարձաններու ապահովական իրավիճակը եւ այս առնչութեամբ որդեգրուելիք նախազգուշական քայլերը:
Նշենք, որ վերջերս մէկէ աւելի աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնեցին ապահովական ցնցիչ դէպքերու կամ ահաբեկչական գործողութեանց մասին` Աշուրայի սգատօնի սեմին: Նոյն աղբիւրները իրենց մտավախութիւնը վերագրեցին նաեւ նախագահական հարցին լուծումը արգիլելու միտող փորձերուն: