Բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան մէկ տարիով երկարաձգումէն ետք, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալաքը նշանակեց սպայակոյտի պետի տեղակալ` զայն հազարապետ-զօրավարի աստիճանին բարձրացնելէ ետք:
Գնդ. Հիւսէյն Ապտալլա` Զինուորական Ատեանի Նախագահ
Միւս կողմէ, նախարար Մուքպել երէկ Զինուորական ատեանի նախագահ նշանակեց գնդապետ Հիւսէյն Ապտալլան` հանգստեան կոչելէ ետք ատեանի նախկին նախագահը: