Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդակցութիւնները առկայ կը մնան:
Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բաւական աշխուժ կ՛ընթանայ, յոյս յայտնելով, որ այդ ջանքերը մօտիկ ապագային արդիւնաւորուին կառավարութեան ծնունդի յայտարարութեամբ:
Պըրրի ընդգծեց ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը եւ այս իմաստով կոչ ուղղեց բոլորին թաղելու 1960-ի ընտրական օրէնքի ներկայ տարբերակը` կոչ ուղղելով այս իմաստով ի գործ դրուած բոլոր ճիգերը մէկտեղելու:
Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կտրականապէս մերժուած է: