Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` լուսարձակի տակ առնելու ներկայ քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի Աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա համաձայն գտնուեցաւ բջիջային հեռաձայնի առեւտրական Քամել Ամհազը ազատ արձակել` 15 միլիոն լ. ոսկի արժող երաշխագինով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտարարեց, որ Մոհամետ մարգարէի ծնունդը կը զուգադիպի կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ հանրապետութեան նորընտիր նախագահին հիմնական աշխատանքը պէտք է ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մշակումը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը որակական փոխանցման շրջան մը ապրի:

«ՔՐԵՏԻ ԼԻՊԱՆԷ» դրամատան Մքալլեսի մասնաճիւղը երէկ գողութեան ենթարկուեցաւ:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ Նուէյրի շրջանին մէջ նախանցեալ օր շէնք մը փուլ եկաւ: Մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան մաս կազմող որոշ կողմեր ճիգ չեն խնայեր Պաալպէք-Հերմէլի արժանապատուութիւնը աղաւաղելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իշխանութեան զօրութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ռազմավարութիւնը հիմնուած են ազգային փոխըմբռնումները պահպանելու անոր կարողութեան մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններ: Միւս կողմէ, Ռիչըրտ այցելեց նաեւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարան, ուր ընդգծեց, թէ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Լիբանանին, որպէսզի ան մնայ կայուն, ապահով, անկախ եւ բարգաւաճ երկիր մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը դիւրին առաքելութիւն մը չէ, յատկապէս երբ բարեկարգումի կարգախօսներով լեցուն նոր իշխանութեան մը փուլին կը զուգադիպի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին` հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալու Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ` լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան հարցը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ ոմանք կը փորձեն նոր իշխանութեան փուլը ձախողեցնել` կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի կոչ ուղղեց` լիբանանեան բանակին եւ պաղեստինեան ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը բարելաւելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս յայտնեց, որ կուսակցութեան քաղաքական եւ ժողովրդային կշիռը անոր իրաւունք կու տայ նախարարական աւելի հսկայական ներկայացուցչութիւն ունենալու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան ժամկէտը տակաւին սովորական ընթացքին մէջ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ կառավարութեան տագնապը նախարարութիւն ստանձնելու կամ մերժելու հարցէն շատ աւելի լուրջ է, խորքին մէջ` անիկա նոր իշխանութիւնը ձախողեցնելու փորձ մըն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին միջեւ մեծ բանավէճեր չկան, իսկ կառավարութիւնը պէտք է արագութեամբ կազմուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռայա Հասան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ կառավարութեան ծնունդին ուշացումը Լիբանանի համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:

ԱՆԿԱԽ նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն համար երաշխիք է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընտրական նոր օրէնքի մշակումը կը նկատէ առաջնահերթութիւն: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններէ, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով վարչապետ Սաատ Հարիրի անելի չէ մատնուած:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի առաջարկած է կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը Մարատա հոսանքին զիջի եւ պահել հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա պիտի շարունակէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի տեսակէտները մօտեցնել:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Մեզի Համար Հըզպալլա Անշեղ Սկզբունք Է, Իսկ Շիի-Քրիստոնեայ Տարակարծութիւն Երբեք Պիտի Չարձանագրուի» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?