Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն:
Անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանդիպումը կատարուած է Հարիրիի պահանջով, աւելցնելով, որ անոնք քննարկած են կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտարարեց, որ Հարիրիի հետ փոխանակած են իրենց տեսակէտները: «Մենք չենք ուզեր խոչընդոտել, եւ երկու կողմերը կը կրեն խոչընդոտումին պատասխանատուութիւնը… Մենք համամիտ ենք վարչապետ Հարիրիի հետ, առաջադրեցինք ճամբու քարտէս, եւ հարցերը ուրախ աւարտ կրնան ունենալ տօնական օրերէն առաջ», յայտարարեց Ֆրենժիէ:
Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պոն շեշտեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի կառավարութեան կազմութեան իմաստով Հարիրիի ի գործ դրած բոլոր ջանքերուն` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը կազմուի ամէնէն մօտիկ ապագային:
Միւս կողմէ, Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-թրքական գործարարներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշի:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով Ուաժիհ Պըզրի յայտնեց, որ Հարիրիին ներկայացուցած են խորհուրդին աշխատանքները եւ անոր յանձնած Թուրքիա այցելութեան հրաւէր մը:
Պըզրի նշեց, որ Հարիրի զօրակցութիւն յայտնած է խորհուրդին իրագործած աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք ինք պիտի ընդառաջէ այդ հրաւէրին եւ ճիգ պիտի չխնայէ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու իմաստով: