Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Ուշացումը Զիս Չի Մտահոգեր Եւ Կը Յուսամ, Որ Անոր Ծնունդը Մօտիկ Ապագային Յայտարարուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Դեկտեմբեր 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_beirut_families_120616

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ուշացումը զինք չի մտահոգեր, յոյս յայտնելով, որ անոր ծնունդը մօտիկ ապագային յայտարարուի:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ կառավարութիւնը անյապաղ կազմուի` իրականացնելու համար ճշդուած նպատակները, որոնց առաջին կարգին կը գտնուի փտածութեան դէմ պայքարը:

Նախագահ Աուն այս յայտարարութիւնները կատարեց Պէյրութի ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Նախագահ Աուն ողջունեց ներկաները, շեշտելով, որ իրենց հարցը յաղթանակ արձանագրած է, որովհետեւ արդարացի է, իսկ անոր հիմքը կազմած են ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, «որոնք վերականգնուած են, իսկ 2005-ին Լիբանան վերադարձէս ետք մեր պայքարը անցաւ պետութեան կերտման փուլ եւ այդ պատճառով ալ երեսփոխանական մեր համախմբումը կոչուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ ոչ ոք հաւատք ընծայած է իրենց պայքարին, աւելցնելով սակայն, որ իրենք իրենց ճամբան ինքնավստահութեամբ քալած են: Ան կոչ ուղղեց վերակազմակերպելու ելեւմտական դրութիւնը եւ պայքարելու փտածութեան, աւազակութեան եւ մսխումին դէմ:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց նաեւ կենսոլորտային ապականումին վերջ տալու առաքելութիւնը, որպէսզի քաղաքացին առողջ եւ մաքուր միջավայրի մէջ ապրի եւ ստանայ իր տարրական իրաւունքները` ջուր եւ ելեկտրականութիւն:

«Լիբանան կը դիմագրաւէ հիմնական հարց մը, որ հետեւողական անհոգութիւնն է, որուն փոխարէն պէտք է հաստատել հետեւողական բարգաւաճում, որպէսզի Լիբանանի իրավիճակը աւելի կայուն եւ նիւթական իմաստով ինքնաբաւ դառնայ», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք բացարձակ ազատութիւններու կը հաւատայ, սակայն կը մերժէ ընդունիլ ուռճացած զրպարտութիւններն ու փոքրացուած ճշմարտութիւնները:

«Ազատութեան հաւատացող ղեկավարը, որ կը փափաքի իր երկիրը բարելաւել պէտք է վստահի կարող լրատուութեան, որպէսզի ղեկավարին ցոյց տայ սխալները եւ այդպիսով առիթ ընծայէ անոր, զանոնք սրբագրելու համար», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

«Մեզի Համար Հըզպալլա Անշեղ Սկզբունք Է, Իսկ Շիի-Քրիստոնեայ Տարակարծութիւն Երբեք Պիտի Չարձանագրուի» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?