Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան Տօնին Առիթով Իր Խօսքին Մէջ. «Կը Գտնուինք Ճակատագրական Կարեւոր Փուլի Մէջ, Եւ Նախագահ Աունի Հետ Մեր Կապերը Խիստ Լաւ Են» Ընդգծեց Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Դեկտեմբեր 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

seyid_nasralla_120916

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ վերահաստատեց նախագահ Միշել Աունի հետ տիրող բարեկամական յարաբերութիւնները:

Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով պատկերասփռուած ելոյթով մը Նասրալլա երէկ երեկոյեան անդրադարձաւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններուն` նշելով, որ իսլամներ եւ քրիստոնեաներ կը դիմագրաւեն գոյութենական ու քաղաքակրթական մարտահրաւէրներ եւ մաղթեց, որ տօնական այս օրերը առիթ ըլլան միասնութեան եւ գործակցութեան:

Իր խօսքը գլխաւոր երեք կէտերու մէջ սահմանափակելով` Նասրալլա միանգամընդմիշտ հերքեց այսպէս կոչուած «Հըզպալլայի մօտիկ քարոզչական, քաղաքական թէ երեսփոխանական աղբիւրներու» գոյութիւնը` շեշտելով, որ կուսակցութիւնը ուղղակիօրէն եւ ոչ թէ կողմնակի պատգամներով կը բացայայտէ իր տեսակէտը զինք ներկայացնող պատասխանատուներով, որոնք շատ են:

Նասրալլա անդրադարձաւ վերջերս «ծանօթ  խոհանոցի» մը գոյութեան, որ կը փորձէ պառակտել ու խանգարել լիբանանցիներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու դաշինքները եւ արգելակել երկխօսութեան ճիգերը, եւ մենք առնչակից ենք ասոր: «Ու իբրեւ լիբանանցի ես այսօր իմ խօսքս կ՛ուղղեմ լիբանանեան բոլոր կողմերուն  առանց խտրութեան, որովհետեւ կը գտնուինք  ճակատագրական խիստ կարեւոր փուլի մէջ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ «հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ կապերը խիստ լաւ են, եւ ոչ մէկ մտավախութիւն կը տիրէ այս գծով : «Նախագահ Աուն մեզի համար երաշխաւորող մէկ երրորդի գրաւականն է», շեշտեց Նասրալլա:

Աւելի՛ն, «այդ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին մեր միջեւ այն խոր վստահութեամբ, որ ամրագրուած էր դժուար օրերու փորձառութեամբ»: Նասրալլա մաղթեց, որ շուտով հարթուին Մարատայի եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ տիրող տարակարծութիւնները, «որովհետեւ անոնք դաշնակիցներ են»:

Ոչ ոք հերիւրածոյ եւ երեւակայական պայքարներ կը ստեղծէ կամ կը հրահրէ:

Որպէս լիբանանցի ուրիշ ընտրանք չունինք, բացի միանալէ, երկխօսութեան նստելէ  եւ մեր միջեւ  թշնամութիւնը վանելէ: Բոլորս ալ կ՛ուզենք Լիբանանը եւ այս առիթը ստեղծուած է նոր իշխանութեան օրով: Նասրալլա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք նախագահ Աունէն պահանջած է հրաժարիլ Լիբանանեան ուժերու հետ կնքուած դաշինքէն:

2011-էն ի վեր լիբանանցիներուն կ՛ըսենք` չսպասել շրջանային իրադարձութեանց, որովհետեւ բացայայտօրէն կ՛ըսենք, թէ Հըզպալլա առանցքային կողմ է:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ անդրադարձաւ կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն` նշելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հետ ամէնօրեայ մնայուն կապի մէջ է եւ մօտէն կը հետեւի այս հարցի մանրամասնութիւններուն: Ան վերահաստատեց, որ Պըրրի Հըզպալլայի անունով լիազօրուած է բանակցելու այս գծով` ընդգծելով միաժամանակ, որ կառավարութեան կազմութեան առնչակից որեւէ կողմ դէմ չէ անոր իրագործման: Նասրալլա այս կապակցութեամբ բացայայտեց, թէ այս հարցը առկախուած է մէկ կամ երկու նախարարական պաշտօններու պատճառով:

Յառաջիկայ ընտրութիւններուն գծով Նասրալլա յայտնեց, որ ընտրական ամբողջական համամասնական եւ ոչ խառն ձեւի որդեգրումը կը նպաստէ բոլոր համայնքներու եւ խմբաւորումներու ներկայացման:

Իրա՛ւ պետութեան կերտումը կ՛իրականանայ պարկեշտ հիմերու վրայ որդեգրուած ընտրական օրէնքի հաստատումով:

Նախորդը

Քանաան-Ռիաշի Միացեալ Հանդիպումի Մը Ընթացքին. Քանաան. «Միջքրիստոնէական Հասկացողութիւնը Պիտի Վերամրագրէ Մեր Ներկայութիւնը»

Յաջորդը

Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Մէջ Լաւագոյն Վարչակազմը Խոստացած Է Ամերիկացիներուն

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?