Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ . «Հալէպը Չէ Քանդուած, Այլ` Անկէ Կը Հեռանան Ահաբեկիչները» Շեշտեց Միւֆթի Հասսուն

December 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

rayi_hassoun_120716

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Սուրիոյ միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասսունը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի:

Շուրջ երեք քառորդ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւֆթի Հասսուն մաղթեց, որ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները ամրապնդուին, եւ կոչ ուղղեց լիբանանցի եւ սուրիացի քաղաքական անձնաւորութիւններուն իրենց տեսակէտները մօտեցնելու եւ հաշտուելու:

Միւֆթի Հասսուն շեշտեց, որ երէկ Սուրիոյ համար եղած է աւետիսի օր մը, որովհետեւ Հալէպը չէ քանդուած, այլ` անկէ կը հեռանան ահաբեկիչները:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին:

Խորհուրդը լաւատեսութիւն յայտնեց Լիբանանի ապագային նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջական կերպով ծառայել երկրին ազգային շահերուն:

Մարոնի եպիսկոպոսները անհրաժեշտ նկատեցին նաեւ ընտրական նոր օրէնքի մշակումը` շեշտելով, որ ընտրական օրէնքը պէտք է երաշխաւորէ ազգային համախոհութիւնը, Ազգային ուխտն ու լիբանանցիներուն միջեւ հաւասարութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը արժեւորեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն աշխատանքը` ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղած պայքարին առումով:

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց լիբանանցիներուն:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Ֆրենժիէի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Մշակելու Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.